ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ օծման հնգամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 14ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ։
Ճաշկերոյթը պիտի կայանայ «Տեզըրթ Ուիլօ» կոլֆի ակումբի սրահին մէջ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց, տեղեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան կարելիութեանց ծանօթանալու համար, դիմել (702) 834-6344 թիւին: