Ամերիկահայ գրող, համաշխարհային գրականութեան կարկառուն ներկայացուցիչ Ուիլեըմ Սարոյեանի կենսագրութիւնը, ստեղծագործական կեանքը, ճանապարհորդութիւններուն ու յուշերուն մասին պատմող նիւթերը եւ նկարները թուայնացուած տարբերակով պիտի ներկայացուին անոր տուն-թանգարանին մէջ, որուն երկար սպասուած բացումը կը նախատեսուի կատարել 31 Օգոստոս 2018ին՝ գրողի ծննդեան 110ամեակին:
Այս առնչութեամբ, «Արմէնփրէս»ի թղթակիցը զրուցուած է «Սարոյեան Հաուս» նախագիծի օգնական Անժելա Աւագեանի հետ:
«Այժմ տուն-թանգարանի շինարարական աշխատանքներ չեն տարուիր, քանի որ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանին հետ, եւ այդ գործընթացը դեռ կը շարունակուի: Հաւանաբար, Փետրուարի վերջաւորութեան կամ Մարտի սկիզբը թոյլտուութիւն ստանանք, եւ բարեկարգման փուլին վերսկսինք», ըսած է Աւագեան եւ աւելցուցած, որ կարեւորագոյն նիւթերու հաւաքման աշխատանքները կը շարունակուին տակաւին:
Աւագեան ընդգծած է, որ սոյն թանգարանը հիմնելով՝ իրենք կը ձգտին հնարաւոր չափով հետաքրքրական ու բազմաբովանդակ տեղեկութիւններ ու յօդուածներ հաւաքել Սարոյեանի մասին: Թանգարանը նորարարական լուծումներով հարուստ պիտի ըլլայ. թանգարանի հոլոկրամը այցելուներուն պիտի պատմէ Սարոյեանի կեանքին ու անոր ստեղծագործութիւններուն մասին: Ցուցանմոյշներուն մեծ մասը՝ նկարներ, Սարոյեանի ճանապարհորդութիւններուն վերաբերեալ յօդուածներ եւ նօթեր, պիտի ներկայացուի թուայնացուած տարբերակով:
Աւագեանի խօսքով՝ թանգարանին բացումով հետաքրքրուած են ոչ միայն հայեր, այլեւ օտարներ՝ առաջարկելով նաեւ իրենց աջակցութիւնը:
«Ռենեսանս» մշակութային եւ զարգացման հիմնադրամը 2016 թուականի Դեկտեմբերին ձեռք բերաւ Ուիլեըմ Սարոյեանի ապրած տունը, որ հանուած էր աճուրդի: Այդ իրադարձութենէն ետք, .«Ռենեսանս»ի հիմնադիր Արթուր Ջանիբեկեան հիմնեց «Սարոյեան Հաուս» նախագիծը՝ ցանկալով գրողին տունը վերածել թանգարանի: Նախագիծը մշակելու համար յայտարարուած էր մրցոյթ մը, որուն յաղթեց «Ստորակէտ» ճարտարապետական արուեստանոցը՝ առաջարկելով ոչ աւանդական, նորագոյն արհեստագիտական լուծումներով յագեցած նախագիծ մը:
Այսպիսով, Սարոյեանն ու Սարոյեանի հերոսները, նաեւ անոնց պատմութիւնները՝ 3D տիպարներով պիտի տեղաւորուին 114 քառ.մ. տարածքի մը մէջ, ուր ժամանակին Սարոյեան ապրած եւ ստեղծագործած է: