ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Փետրուար 2-9ի օրերուն, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ-Մեքսիքական Մշակոյթի Շաբաթը: Այդ եօթը օրերուն, մշակութային զանազան ձեռնարկներով ներկայացուեցան հայկական եւ մեքսիքական պարեր, ֆիլմեր եւ ընկերային հաւաքներ, որոնք երկու համայնքներուն միջեւ սերտ ու սիրալիր յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդեցին:
Ուրբաթ, Փետրուար 2ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Վեն Նայսի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մշակոյթի շաբաթուան մեկնարկը: Մեկնարկը կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Մոնիքա Ռոտրիկեզի եւ հայազգի Փօլ Գրիգորեանի կողմէ:
Այս ձեռնարկին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Մեքսիքայի գլխաւոր հիւպատոս Քարլոս Կարսիա, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան, Շրջանիս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սրբազան առաջնորդներու ներկայացուցիչներ՝ Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան:
Յիշենք, որ Լոս Անճելըսի մէջ 3.5 միլիոն մեքսիքացի կ՛ապրի, ինչպէս նաեւ անիկա, Հայաստանէն դուրս, ամէնէն շատ հայութիւն ունեցող քաղաքն է:
Քաղաքապետական խորհուրդի ժողովին խօսք առին հիւրընկալ խորհուրդի անդամ Մոնիքա Ռոտրիկեզ, Փօլ Գրիգորեան, դեսպան Յովհաննիսեան, հիւպատոս Կարսիա, նոյն խորհուրդի անդամներ Կիլ Սետիէօ եւ Նուրի Մարթինեզ:
Ոչ-հայ պետական անձնաւորութիւններ ջերմ արտայայտութիւններով խօսեցան հայ ժողովուրդին մասին, հայու աշխատասիրութեան, նախաձեռնութեան ոգիին ու հիւրասիրութեան մասին՝ նաեւ հայկական ուտեստեղէնի գովքը հիւսելով: Նաեւ, անոնք սիրալիր արտայայտութիւններ ունեցան իրենց շրջաններուն մէջ ապրող հայութեան մասին:
Փետրուար 6ի երեկոյեան ժամը 6ին, Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ մեքսիքական «Աշակերտը» ֆիլմը, իսկ Փետրուար 8ին, «Կրենթ» երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ձեռնարկ մը:
Փետրուար 8ի երեկոյեան ժամը 7ին, Լոս Անճելըսի մէջ Մեքսիքայի հիւպատոսարանէն ներս տեղի ունեցան «Հայաստան, վաղեմի եւ յաւիտենական» խորագրուած լուսանկարչական ցուցահանդէսն ու «Խոստումը» ֆիլմի ցուցադրութիւնը:
Ուրբաթ, Փետրուար 9ի առաւօտեան, «Մետիսըն» միջնակարգ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական ձեռնարկ մը: Իսկ նոյն օրը երեկոյեան, Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մշակոյթի շաբաթուան փակման հանդիսութիւնը:
Յիշենք, թէ այս տարի, Յունուար 14ին, Հայաստան եւ Մեքսիքա նշեցին իրենց դիւանագիտական յարաբերութեանց 26ամեակը: Յիշենք նաեւ, որ Մեքսիքայի մէջ մենք ունինք փոքրաթիւ գաղութ մը եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմ, որ կապուած է Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին:
Առաջին հայը, որ Մեքսիքա հաստատուած է 1632 թուականին, եղած է Ֆրանսիսքօ Մարթինը: Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, մեծ թիւով հայեր Մեքսիքա գաղթած են, իսկ անկէ Միացեալ Նահանգներ կամ Արժանթին անցած են: Մեքսիքայի մէջ ունինք հայազգի նշանաւոր դերասանուհի Ռոսա Կլորիա Չագոյեանը (Lola La Trailera), ինչպէս նաեւ յայտնի գործարար՝ կօշիկի մեծ գործարանի տէր Էնրիքէ Համբարձումեանը:
Լատին Ամերիկայի պետական ամէնէն ծանօթ համալսարանն է Նիւ Մեքսիքոյի Պետական համալսարանը, որուն նախագահը եղած է դոկտ. փրոֆ. Խոսէ Սարուխան, իսկ անոր որդին՝ Արթուրօ Սարուխան, 7 տարի Մեքսիքայի դեսպան եւ դեսպանի փոխանորդ եղած է ԱՄՆի մօտ: Այստեղի հայութիւնը լաւապէս կը ճանչնայ Արթուրօ Սարուխանը՝ Լոս Անճելըս կատարած իր յաճախակի այցելութիւններով եւ հայերուն հետ շփումներով:
Նմանապէս, Մեքսիքայի հեռատեսիլի ասպարէզէն ներս յայտնի անուն է զանազան կայաններու տնօրէն ու փոխնախագահ Ռուբէն Քէօսէեանը:
Նշենք, որ Հայաստան դէպի Մեքսիքա կ՛արտածէ Cable Box, Electrical Circuits եւ X-Ray-ի նկարահանող մեքենաներ, իսկ Մեքսիքան Հայաստան կ՛ուղարկէ 3 անիւով «մոթորսայքըլ»ներ, սուրճ եւ թեքիլլա խմիչքը:
Հաճելի եւ հետաքրքրական շաբաթ մըն էր իրապէս Հայ-Մեքսիքական Մշակոյթի Շաբաթը, որուն առթիւ կը շնորհաւորենք ԱՄՆի մէջ գործող Հայաստանի դիւանագիտական պատասխանատուները, այս գնահատելի աշխատանքին համար: