Փասատինա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանը Շաբաթ, 10 Փետրուար 2018ին, աշակերտներու, ծնողներու եւ հիւրերու խանդավառ ներկայութեամբ տօնեց Ս. Վարդանանց տօնը եւ Տեառնընդառաջը:
Յայտագիրը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով: Ապա մանկապարտէզի սաները սրահ մտան հանդիսաւոր ձեւով: Անոնք իբրեւ Վարդաններ, զգեստաւորուած, սաղաւարտներով, վահաններով եւ սուրերով զինուած՝ տողանցեցին սրահին շուրջ, ապա բեմ բարձրացան: Ուսուցչուհի Անի Մարսէլեանի եւ օգնական ուսուցչուհի Էֆգին Սէրայտարեանի առաջնորդութեամբ, փոքրիկ աշակերտները յստակ առոգանութեամբ կատարեցին Ս. Վարդանին եւ անոր քաջագործութիւններուն նուիրուած բանաստեղծութիւններ ու երգեր, մինչ ուսուցչուհի Մարալ Դաւիթեանի աշակերտները ներկայացուցին օրուան պատգամը: Ապա հանդէս եկաւ Ազնիւ Սէրայտարեան եւ աշակերտներուն համար հասկնալի ու պատկերալից բառերով բացատրեց Վարդանանց ճակատամարտին հանգամանքները:
Միջոցառումը ունէր երկրորդ մաս՝ նորութիւն մը վարժարանի աշակերտներուն համար: Դպրոցի բակին մէջ վառուեցաւ աւանդական կրակը, որուն ուղեկցեցան ծիսական պարն ու երգը: Աշակերտները, մեծամասնութեամբ սկաուտներ, առանց վարանելու զոյգեր կազմեցին ու անցան կրակին վրայէն:
Վարժարանի տնօրէն Նորայր Տատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, որ հայեցի դաստիարակութեան եւ ինքնութեան անաղարտ պահպանման համար ամէն շաբաթ կու գան վարժարան ու նեցուկ կը կանգնին անոր բոլոր ծրագիրներուն: