ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան պատմական դահլիճին մէջ, 20 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Արցախի վերածնունդի օրուան նուիրուած պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն հրաւիրուած էին Արցախեան շարժման վեթերաններ, պետական պաշտօնեաներ, պաշտպանութեան բանակի բարձրաստիճան սպաներ, քաղաքական շրջանակներու եւ հասարակական հատուածի ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, նախագահ Սահակեան յայտնեց, որ սերունդները միշտ պիտի հպարտանան 1988ին հրապարակ ելած մեր ժողովուրդի քաջութեամբ ու սխրանքով՝ ընդգծելով, որ այս տօնը կը հանդիսանայ հայրենասիրութեան, անձնուիրութեան, միասնականութեան, սեփական ուժերուն ապաւինելու, անսասան կամքի եւ հաւատքի խորհրդանիշ:
«Մայր Հայաստանի եւ համայն հայութեան հետ միասին մենք արդէն 30 տարիէ ի վեր կ՛ընթանանք այս ճանապարհով եւ կը շարունակենք մեր անկասելի ուղին՝ ամուր պահելով մեր ժողովուրդի յաղթական ոգին, կամքն ու միասնականութիւնը», շեշտեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահը:
Ընդունելութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արցախեան շարժման վեթերաններ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ու Հայաստանի եւ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ: