ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Մարտի սկիզբը նախատեսուած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակէն Եղիսաբէթ Չուլճեան կը յայտնէ, որ հայ օրէնսդիրներու այցելութիւնը լաւ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ ԱՄՆի մայրաքաղաքի քաղաքական գործիչներուն եւ փորձագէտներուն՝ ծանօթանալու Հայաստանի դիրքորոշման:
Չուլճեան կը յայտնէ, որ Քոնկրեսի շէնքին մէջ Հայաստանի պատուիրակներուն ի պատիւ յատուկ ընդունելութիւն կազմակերպուած է:
«Անցեալ տարուան Սեպտեմբերին ամերիկեան քոնկրեսականներու խումբ մը այցելեց Հայաստան, անոնց մէկ մասը նաեւ Արցախ: Այդ ժամանակ գաղափար ծնաւ, որ այս հանդիպումները շարունակական ըլլան եւ որ նաեւ Հայաստանի ԱԺ ներկայացուցիչները Ամերիկա գան՝ հայ-ամերիկեան բարեկամական կապերը աւելի ջերմացնելու ամերիկեան քոնկրեսականներու հետ»:
Ուաշինկթընի մէջ հայ պատգամաւորներու հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին հայ-ամերիկեան քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու բարելաւման ու խորացման կարելիութիւնները: