ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առիթով, ԵՈՒՆԵՍՔՕ հրապարակած էր իր ամէնամեայ տեղեկագիրը, որուն մէջ Թուրքիոյ յատկացուած բաժինով տրուած են անունները այն 15 լեզուներուն, որոնք անհետացման եզրին կը գտնուին։
Տեղեկագիրին համաձայն՝ արդէն իսկ 3 լեզուներ անհետացած են Թուրքիոյ մէջ։ Անոնք են՝ Կապադովկիոյ յունարէնը, ուբիխեան լեզուն, որ կը գործածուէր արեւելեան նահանգներու մէջ, եւ հիւսիս-պոհթանեան մահսօ լեզուն, որ արամէական ծագում ունի։
Այժմ անհետացման վտանգի մէջ յայտնուած լեզուներն են համշէներէնը, կակաուզերէնը, սեֆարտական հրեաներու լեզուն, թուրոյ լեզուն ¤կը գործածուի Մարտինի Միտիաթ շրջանին մէջ), աբխազերէնը, լազերէնը, չերքէզերէնը, պոնտերու յունարէնը, գնչուներու կողմէ կիրարկուած սինտի լեզուն, եւայլն։
Թուրքիա՝ Նեփալի, Փաքիստանի, Պանկլատեշի, Կուաթեմալայի եւ կարգ մը այլ երկիրներու հետ միասին, յայտնուած է այն երկիրներու շարքին, որոնք պետական կրթական ծրագիրով կը դասաւանդեն միայն մէկ լեզու, հակառակ անոր որ իրենց տարածքին մէջ բազմաթիւ այլ լեզուներ գործածող հաւաքականութիւններ կան։