ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Իսրայէլի խորհրդարանը Երկուշաբթի, Փետրուար 26ին որոշած է յետաձգել Սուրբ Յարութեան տաճարի փակման առաջնորդած տուրքերու հարցին քննարկումը, որմէ ետք Երուսաղէմի միաբաններէն Յովնան Պաղտասարեան յայտնած է, որ եկեղեցւոյ իրաւատէր երեք համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները ընթերցած են համատեղ յայտարարութիւն մը, որով շեշտած են, թէ տաճարը փակ պիտի մնայ հաւատացեալներուն առջեւ, իբրեւ բողոք՝ քաղաքի կառավարութեան կողմէ տուրք պարտադրելու որոշումին դէմ։
«Երուսաղէմի երեք իրաւատէր համայնքներու հոգեւոր պետերը, ներառեալ Երուսաղէմի հայ պատրիարքը, ի նշան բողոքի՝ փակեցին Ս. Յարութեան տաճարի դուռը, եւ տաճարի մուտքին ընթերցուեցաւ նշեալ երեք պետերուն կողմէ ստորագրուած յայտարարութիւնը: Անոնք կը բողոքեն Երուսաղէմի քաղաքապետարանի այն որոշումին դէմ, որով հրահանգուած է քրիստոնեայ համայնքներուն հարկ վճարել քաղաքապետարանին՝ իրենց եկեղեցիներուն եւ վանքերուն համար, հարկ մը, զոր քրիստոնեայ համայնքները դարեր շարունակ չէին վճարեր: Յայտարարութիւնը նաեւ կը բողոքէ Քնեսեթի մէջ առաջարկուած մէկ օրինագիծին դէմ, որով պետութեան իրաւունք տրուած է բռնագրաւել եկեղեցապատկան այն կալուածները, որոնց վարձակալութիւնը կը տրուի անհատ ձեռներէցներու եւ չի վաւերացուիր Քնեսեթին կողմէ: Տաճարը կը մնայ փակ մինչեւ հոգեւոր պետերը հանդէս գան նոր յայտարարութեամբ մը», ըսած է Յովնան Պաղտասարեան: