ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ գորգերու եւ գորգագործական արտադրատեսակներու արտադրութիւնը 2017ին ընթացքին, մեծ մասամբ անկման ցուցանիշներ արձանագրած է, սակայն տարուան ամբողջ հատուածի ցուցանիշները նակտի ունենալով՝ գորգերու արտադրութիւնը աճած է:
Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տեղեկութիւններուն համաձայն՝ նախորդ տարի հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 19.8 թոն գորգ եւ գորգեղէն՝ 2016 տարեշրջանին հետ համեմատած՝ աճելով 10 տոկոսով:
Նշենք, որ 2016ին, Հայաստանի մէջ արտադրուած է 18 թոն գորգ եւ գորգեղէն, 2015ին՝ 41 թոն:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարած էր, որ Հայաստանի մէջ թեթեւ արդիւնաբերութեան, մասնաւորապէս գործուածքի, կաշեգործութեան, կօշկակարութեան եւ գորգագործութեան ոլորտներուն համար արտօնութիւններ պիտի սահմանուին: Մարզերուն մէջ ճիւղի զարգացումը խրախուսելու համար, արտօնութիւններ պիտի տրուին Երեւանէն դուրս գործունէութիւն ծաւալողներու համար, ինչպէս նաեւ պիտի խրախուսուին նոր աշխատատեղ ստեղծողները, պետական օգնութիւն պիտի կատարուի: