Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Յարութ Շիրինեան, անդրադառնալով Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ 27 Փետրուարին տեղի ունեցած Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի մասին բարձր մակարդակի քննարկումին՝ յայտնեց, որ Եւրոպայի մէջ կը նկատուի անկիւնադարձային կարեւորութիւն ունեցող փուլ՝ նկատի ունենալով Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ Արցախի հարցով տեղի ունեցած աշխուժութիւնը:
«Քննարկումներուն եւրոպացի գործիչներու մասնակցութիւնը բաւական ներկայացուցչական էր: Տասնեակէ մը աւելի եւրոպացի պատգամաւորներ կամ պատգամաւորներու խորհրդատուներ, համաշխարհային հեղինակութիւն ունեցող հռչակաւոր մասնագէտներ, գիտնականներ, իրաւաբաններ եւ եւրոպացի լրագրողներ մասնակցեցան Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին քննարկումներուն եւ կարծիքներ փոխանակեցին: Պէտք է յայտնել, որ անոնք առիթը ունեցան լսելու Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեանի՝ Արցախի պետութեան եւ ժողովուրդի անունով փոխանցած խօսքը», «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուց Յարութ Շիրինեան:
Ան ընդգծեց, որ այս աշխատանքը կը համապատասխանէ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի առաջնահերթութիւններուն, որոնք են՝ եւրոպացի քաղաքական գործիչներուն առաջին աղբիւրին կաողմէ ներկայացնել տեղեկութիւններ եւ Արցախի բնակիչներուն ձայնը հասանելի դարձնել:
«Մենք յոյս ունինք, որ այս աշխուժութեան կը յաջորդեն գործնական քայլեր, որպէսզի աւելի մեծ թիւով պատգամաւորներ ներգրաւուին Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին՝ նպաստելով հիմնահարցի խաղաղ լուծումին», աւելցուց Յարութ Շիրինեան: