Շաբաթ, 3 Մարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս Ժընեւի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու միութեան նախագահ դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրին, որ յատուկ կերպով Պեռնէն եկած էր հանդիպում ունենալու վեհափառին հետ:
Հանդիպումին ներկայ էին Ուեպսթըր համալսարանի դասախօս եւ «Արմենօֆաս»ի նախագահ Թենի-Փիրրի Սիմոնեան եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան հայ եւ Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն երկար տասնամեակներու գործակցութիւնը ծաւալելու հրամայականը: Նշենք, որ յիշեալ գործակցութիւնը սկսած էր Կիլիկիոյ մէջ եւ առաւել շեշտաւորում ստացած յատկապէս յետ Ցեղասպանութեան շրջանին: Այս ծիրին մէջ յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձաւ «Արմենօֆաս» հիմնարկի կանոնագրութիւնը ու գործունէութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու կարիքը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկու եկեղեցիներուն միջեւ էքիւմէնիք գործակցութիւնը ամրացնելու կարելիութեան:
Ապա դոկտ. Լոխըր վեհափառին ճաշի հիւրը եղաւ: