Համազգայինի 90ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, անցնող շաբաթավերջին Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն էր պարտադիր բացակայութենէ ետք կրկին բեմին վրայ տեսնել երգիծաբան, դերասան, թատերական գործիչ, նկարիչ Վարդան Պետրոսեանը եւ ըմբոշխնել անոր վերջին մենաներկայացումը՝ «Իմ Կիսատ Թողած Երգը» խորագիրը կրող:
Վ. Պետրոսեանի ներկայացումները ընդհանրապէս կը վերաբերին մեր առօրեային, հոգերուն, ապրումներուն եւ երազներուն, սակայն այս անգամուան մենաներկայացման մեկնակէտը իր ապրած վերջին դառն փորձառութիւնն է: Ան բեմ վերադարձած էր կիսատ թողած երգը շարունակելու. արդարեւ, տարիներ առաջ, իր ներկայացման նախորդ օրը ան ունեցաւ ինքնաշարժի ծանր արկած մը, որուն համար ան դատապարտուեցաւ հինգ տարուան բանտարկութեան: Նկատի ունենալով, որ այդ չներկայացուած մենաթատրոնին աւարտին ան կ՛երգէր հանդիսատեսին հետ, սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ, տարիներ ետք՝ դուրս գալով բանտէն, ուզեց անպայման շարունակել այս կիսատ մնացած երգը:
«Իմ Կիսատ Թողած Երգը» մենաթատրոնը սրամիտ լեզուով կը պատմէ վերջին տարիներուն բանտին մէջ հեղինակին անցուցած դժուար եւ տառապալից կեանքին մասին: Հոն կայ պատմութիւնը իւրաքանչիւր հայ բանտարկեալի: Այս ծանր պատմութեան մէջ ալ՝ հաւատարիմ մնալով իր ոճին, Պետրոսեան ծիծաղով ու զաւեշտային դրուագներով կը ներկայացնէ իր ձերբակալութեան անհաւատալի պատմութիւնը, իր կեանքը՝ բանտի ընկերներուն հետ, ուր մենք անգամ մը եւս կը տեսնենք մեր իրականութիւնը՝ շեշտուած երգիծանքի գունեղ վրձինի հարուածներով, կը ճանչնանք հայ մարդը՝ Վարդան Պետրոսեանը, որ կեանքի ամէնէն ծանր, նուաստացուցիչ եւ դժբախտ պայմաններուն մէջ նոյնիսկ իր հաւատքն ու լաւատեսութիւնը չկորսնցուց, ընդհակառակն՝ դաժան փորձութիւններէն աւելի զօրացած, անխոնջ կը շարունակէ իր թատերական գործունէութիւնը աւելի ուժգին եւ բարձր մակարդակի վրայ:
Յայտնենք, որ «Իմ Կիսատ Թողած Երգը» Վարդան Պետրոսեանի ներկայացուցած չորրորդ մենաթատրոնն է Լիբանանի մէջ, որ անգամ մը եւս արժանացաւ լիբանանահայութեան բարձր գնահատանքին:
«ԱԶԴԱԿ»