«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վերաբերեալ Եգիպտոսի խորհրդարանին մեծամասնութիւնը հայանպաստ դիրքորոշում ունի», յայտնեց Հայ Դատի Եգիպտոսի յանձնախումբի պատասխանատու Արմէն Մազլումեան՝ անդրադառնալով Եգիպտոսի խորհրդարանի պատգամաւորներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բարձրացնելուն: «Շուտով Ապրիլ է, եւ պատգամաւորները դարձեալ պիտի բարձրացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Նախորդ տարի զգալի թիւով պատգամաւորներ ստորագրած էին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը օրակարգի վրայ դնելու եւ քննարկելու համար, սակայն անկէ ետք գործը յառաջ չգնաց: Այս օրերուն խորհրդարանի երկու կարեւոր՝ պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբները յայտարարութիւններ ըրին, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուի՝ առանց զայն կապելու Թուրքիոյ հետ իրենց ունեցած հարցերուն հետ, այլ անոր մօտենալով զուտ մարդու իրաւունքներու դիտանկինէն: Իբրեւ օրինակ ներկայացուեցան Հոլանտայի եւ Գերմանիոյ կատարած քայլերը», ըսաւ Արմէն Մազլումեան: Ան յայտնեց նաեւ, որ խորհրդարանի պատգամաւորներուն մեծամասնութիւնը այս հարցին վերաբերեալ՝ ունի հայանպաստ կեցուածք:
Հայ Դատի ներկայացուցիչը, խօսելով յառաջիկայ զարգացումներուն մասին՝ յայտնեց, որ այժմու քաղաքական դաշտը բարենպաստ է: Վերջին շրջանին, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները վատթարացած են: Պատճառը տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնն է եւ Եգիպտոսի դէմ ունեցած կեցուածքը: Յարաբերութիւնները այնքան սրած են, որ Թուրքիոյ դեսպանը Եգիպտոսէն վտարուած է: