ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Վերջապէս, Հայաստանի նախագահը անցեալ շաբաթ պաշտօնապէս չեղեալ յայտարարեց հայ-թրքական տխրահռչակ արձանագրութիւնները, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին:
Նախագահ Սարգսեան 2009էն ի վեր շարք մը յայտարարութիւններ ըրած է՝ նախազգուշացնելով, որ արձանագրութիւնները դուրս պիտի բերէ Ազգային ժողովի օրակարգէն, եթէ Թուրքիա զանոնք չվաւերացնէ կարճ ժամանակի մէջ: Սերժ Սարգսեան նման նախազգուշացում մը վերջին անգամ կատարեց անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, ՄԱԿի Գլխաւոր ժողովին՝ իր ելոյթին ընթացքին յայտարարելով, որ մինչեւ գարուն 2018 չեղեալ պիտի յայտարարէ արձանագրութիւնները:
Արձանագրութիւնները 10 Հոկտեմբեր 2009ին ստորագրած էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Զուիցերիոյ Զիւրիխ քաղաքին մէջ: Ստորագրման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները ու Եւրոպական միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Արձանագրութիւններու ծաւալուն գրութեան մէջ կոչ կ՛ըլլար բանալու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու երկու երկիրներուն միջեւ: Արձանագրութիւնները կը ներառէին նաեւ վերոյիշեալներուն հետ առնչութիւն չունեցող բազմաթիւ այլ հարցեր, ինչպէս՝ գոյութիւն ունեցող հայ-թրքական սահմանի ճանաչում եւ պատմաբաններու յանձնախումբի կազմութիւն՝ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերը ուսումնասիրելու, նկատի ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:
Ծանօթ է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ բողոքի մեծ ալիք բարձրացաւ արձանագրութիւններու ընդունման դէմ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներու մէջ: 10 Հոկտեմբեր 2009ի արձանագրութիւններու ստորագրումէն կարճ ժամանակ ետք, Սարգսեան համաշխարհային շրջագայութեան մը սկսաւ դէպի Փարիզի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Պէյրութի եւ Թոնի Ռոսթովի հայկական համայնքներ՝ լսելու համար արձանագրութիւններուն վերաբերեալ անոնց մտահոգութիւնները: Սակայն, այդ հանդիպումներուն ընթացքին անոր ելոյթներէն պարզ դարձաւ, որ ան մտադիր էր ընթացք տալու արձանագրութիւններուն, եւ շրջագայութեան նպատակն էր համոզել սփիւռքահայերը՝ հրաժարելու իրենց առարկութիւններէն: Երկրէն դուրս կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին Սարգսեան դիմաւորուեցաւ կատաղի ցոյցերով եւ առճակատումներով, որոնք ձախողութեան մատնեցին անոր քարոզչական շրջագայութիւնը:
4 Հոկտեմբեր 2009ին, Լոս Անճելըս կատարած իր այցելութեան ատեն նախագահը հանդիպեցաւ հայկական 60 կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը կը քննադատէր սպասուող արձանագրութիւնները, մինչ հազարաւոր հայեր բողոքի ցոյց կը կատարէին դուրսը այն պանդոկին, ուր տեղի կ՛ունենար հանդիպումը:
Այդ հանդիպման ընթացքին ես իմ ելոյթին մէջ զգուշացուցի Սերժ Սարգսեանը, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, առարկելով արձանագրութիւններուն դէմ կրնայ արգելափակել Թուրքիոյ կողմէ անոնց վաւերացումը: Ծիծաղելի է, որ նման արդիւնք մը պիտի նշանակէր, որ ոչ թէ Հայաստանի, այլ Ատրպէյճանի նախագահը ակամայ կը պաշտպանէ Հայաստանի շահերը:
Բազմաթիւ հայերու համար, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Հայաստանէն դուրս պարզ էր, որ Թուրքիա բնաւ մտադրութիւն չունէր բանալու Հայաստանի հետ ընդհանուր սահմանը: Արձանագրութիւնները թրքական կողմի խորամանկ քայլն էին՝ ճնշելու համար Հայաստանի վրայ, որպէսզի վերջինս Արցախի հարցով տարածքային զիջումներ կատարէ Ատրպէյճանի:
Իրականութեան մէջ, 2009ին, ստորագրութեան արարողութիւնը յետաձգուեցաւ քանի մը ժամով, երբ յայտնի դարձաւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր ելոյթին մէջ կը պատրաստուէր արձանագրութիւններուն կապել անոնց հետ առնչութիւն չունեցող Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը: Միայն վերջին պահուն, Միացեալ Նահանգներու արաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի միջամտութեամբ կարելի եղաւ ժամանակաւորապէս լուծել վէճը, եւ երկու կողմերը անցան արձանագրութիւններու ստորագրութեան:
Այսուամենայնիւ, ստորագրման արարողութեան յաջորդող տարիներուն, թուրք ղեկավարները անընդհատ հանդէս կու գային յայտարարութիւններով, ըստ որոնց՝ իրենք մտադրութիւն չունէին վաւերացնելու արձանագրութիւնները, եթէ Հայաստան զիջումներ չկատարէ Ղարաբաղի հարցով: Իրականութեան մէջ, Ատրպէյճան վճռականօրէն բողոքած էր արձանագրութիւններու ստորագրման դէմ եւ զգուշացուցած Թուրքիան՝ չվաւերացնել զանոնք: Ատրպէյճան մտադիր էր ճնշում գործադրելու Հայաստանի վրայ, որպէսզի այս վերջինս տարածքային զիջումներ կատարէ Ղարաբաղի մէջ, փակ պահելով Թուրքիոյ հետ Հայաստանի սահմանը:
Հայաստանի ղեկավարները թոյլ տուին, որ մեծ տէրութիւններ ճնշում գործադրեն իր վրայ՝ կայացնելու որոշում մը, որ կը հակասէր հայ ժողովուրդի շահերուն: Հասկնալի է, որ Հայաստան՝ իբրեւ փոքր պետութիւն, չի կրնար գործել աւելի մեծ ու հզօր իր թուրք դրացիին պէս, որ շատ անգամ կ՛անտեսէ միջազգային հանրութեան փափաքները: Այսուհանդերձ, Հայաստանի ղեկավարները կրնային առնուազն ջանքեր գործադրել օտարերկրեայ միջամտութիւնը նուազագոյնի իջեցնելու համար:
Մէկ այլ դաս, որ Հայաստանի ղեկավարները պէտք է քաղեն արձանագրութիւններու խայտառակ ջախջախումէն, այն է, որ նախքան նախաձեռնութիւնները, որոնք կ՛ազդեն համայն հայութեան շահերուն վրայ, անոնք պէտք է որ լուրջ խորհրդակցութիւններ կատարեն, որպէսզի համոզուին, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերուն մեծամասնութիւնը համակարծիք է իրենց որոշումներուն: Բնականաբար, Հայաստանի սահմաններուն մէջ ապրողներուն վերաբերող ներքին հարցերը իրենց որոշումներն են, սակայն, բոլոր այն հարցերը, որոնք կը վերաբերին բոլոր հայերուն, ինչպէս՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Հայաստանի տարածքային պահանջները Թուրքիայէն եւ Արցախեան հիմնահարցի վերջնական կարգաւորումը, լուրջ հիմնահարցեր են համայն հայութեան համար: Մինչ այս ուղղութեամբ որեւէ փաստաթուղթ ստորագրելը, Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ հայ ժողովուրդին մեծ մասը համաձայն է իրեն հետ: Այլապէս, մենք ականատես կ՛ըլլանք տգեղ առճակատման կրկնութեան՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:
Ես այս մտահոգութիւնները բարձրացուցի ի պատասխան Սարգսեանի վերջին շաբթուան երկու յայտարարութիւններու.
1) «Երբ սկսանք բանակցային գործընթացը, մենք, բնականաբար, կը կանխատեսէինք երկու արդիւնք՝ դրական կամ բացասական»:
2) «Եթէ վաղը կամ յաջորդ օրը առաջարկներ ստանանք, մենք պատրաստ կ՛ըլլանք քննարկելու զանոնք»:
Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի ղեկավարները չեն ընդունիր իրենց սխալ մօտեցումը հայ-թրքական հարցերուն գծով: Ճիշդ չէ, որ Հայաստան ոչինչ կը կորսնցնէ: Թուրքիա հմտօրէն օգտագործեց արձանագրութիւնները՝ ապահով ըլլալու համար, որ օտար պետութիւնները պիտի չմիջամտեն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին: Իրականութեան մէջ, նախագահ Օպամա նոյնպէս շահարկեց արձանագրութիւնները՝ խուսափելով Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելէ իր՝ 24 Ապրիլ 2009ի յայտարարութեան մէջ եւ յաջորդ եօթը տարիներուն ընթացքին:
Աւելին, Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստան հակուած է կրկնելու նոյն սխալը: Տարիներ շարունակ ան կը յայտարարէր, որ Հայաստան պատրաստ է վաւերացնելու արձանագրութիւնները այն օրը, երբ Թուրքիա վաւերացնէ զանոնք:
Բարեբախտաբար, Թուրքիա երբեք չվաւերացուց արձանագրութիւնները՝ թոյլ չտալով Հայաստանին գործելու իր իսկ սեփական, ազգային շահերուն դէմ…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ