«Հայերն Այսօր»ը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, 25 Փետրուարին, Պրազիլի «ՍԱՄԱ» հայկական ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրենիի օրուան նուիրուած «Հայոց լեզուն՝ որպէս հայ ինքնութեան գործօն» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց դոկտոր, փրոֆեսէօր Լուսինէ Եղիազարեան:
Դասախօսութիւնը աւարտեցաւ Համազգայինի «Արեւիկ» մանկական խումբի արտասանութեանց եւ պարի կատարումներով: