Երկու շաբաթ առաջ, «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը ե-նամակի միջոցով ստացաւ նկարներու շարք մը: Հասցէն կը պատկանէր հանրածանօթ լուսանկարիչ Ռոպերթ Կարապետեանին, որ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած է Նիւ Եորք: Քիչ անց նոյնինքն Ռոպերթն էր, որ ընկալուչին ետին կը զրուցէր: Ի յայտ եկած էր, թէ աչքի վիրահատութեան ենթարկուած էր վեթերան լուսանկարիչը. հարազատներու միջոցով ղրկած էր այս «տեսողական գանձ»ը, որ 1988ի արցախեան վերածնունդի նկարներու շարք մըն էր:
Ռոպերթ ամէն գնով ակնդիրին կ՛ուզէր ներկայացնել այս պատմական նկարները, որոնց սեւ-ճերմակ գոյները տարբեր գունաւորում մը կը փոխանցեն:
Հազարաւոր ցուցարարներ, Լենինի արձանին քանդումը եւ, այսպէս, նկարները մէկ առ մէկ կը յիշեցնեն այդ անմոռանալի օրերը: