ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի մէջ մեկնարկեց Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու յանձնաժողովի նիստը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ նիստին կը մասնակցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, ֆրանսախօս երկիրներու ԽՎի մօտ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Մարգարիտ Եսայեան, որուն հրաւէրով Ֆրանսախօս երկիրներու ԽՎ պատուիրակութիւնը ժամանած է Հայաստան:
Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան կարեւոր կը համարէ Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու յանձնաժողովի պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան: «Անշուշտ, մենք շատ ուրախ ենք, որ գագաթնաժողովին ընդառաջ, որ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան Հոկտեմբերին, մենք նաեւ կը կազմակերպենք տարբեր ձեւաչափերով հանդիպումներ: Ասիկա միայն ողջունելի եւ բաւական լուրջ ներկայութիւն է: Շատ երկիրներէ մօտաւորապէս քանի մը տասնեակ պատգամաւորներ եկած են այստեղ, եւ ես կը կարծեմ, որ գագաթնաժողովի նախապատրաստական հանգրուանին այս մէկը կարեւոր խթան պիտի հանդիսանայ», ըսաւ ան:
Պատուիրակութեան կազմին մէջ են աշխարհի 27 երկիրներէ խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ, ընդհանուր՝ 50 պետական-քաղաքական գործիչներ:
«Ֆրանսախօս երկիրներու երեւանեան գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ «Ապրիլ միասին» խորագիրին տակ՝ «Ապրիլ միասին՝ յարգելով համերաշխութիւնը, մարդասիրական արժէքներն ու բազմազանութիւնը՝ իբրեւ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հիմք ֆրանսախօս երկիրներու տարածաշրջանին մէջ»: Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ այս մասին յայտարարած նախարար Էդուարդ Նալբանդեան՝ ելոյթ ունենալով վերոնշեալ նիստին:
Նախարարը յայտնեց, որ «Ապրիլ միասին» թեման ընտրուած է նկատի ունենալով ֆրանսախօս երկիրներու շրջագիծին մէջ, նոյնիսկ միջազգային մակարդակի վրայ գոյութիւն ունեցող իրողութիւնները:
«Մենք համոզուած ենք, որ «Ապրելով միասին»՝ յարգելով այն մարդասիրական արժէքները, զորս մենք կը կիսենք, կրնան նպաստել մեր հասարակութիւններու միասնութեան առաւել ամրապնդման եւ ֆրանսախօս երկիրներու տարածքին խաղաղութեան եւ բարօրութեան տարածման: «Ապրիլ միասին» հասկացութիւնը շատ ծանօթ է հայ ժողովուրդին՝ աշխարհի աւելի քան հարիւր երկիրներու մէջ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կրցած է բոլորովին ընդելուզուիլ իրեն հիւրընկալած երկիրներու հասարակութիւններուն մէջ՝ նոյն ժամանակ պահպանելով իր ազգային ինքնութիւնը եւ ընդգծելով միասին ապրելու ունակութեան կարեւորութիւնը՝ փոխադարձ յարգանքի, ներդաշնակութեան, համերաշխութեան, բազմազանութեան ոգիով», ըսաւ Նալբանդեան:
Ըստ անոր՝ հայկական կողմը կ՛ակնկալէ նաեւ աշխատիլ «Ապրիլ միասին» խորագիրը կրող Ֆրանսախօս երկիրներու նոր հիմնարար փաստաթուղթ մը ստեղծելու ուղղութեամբ, ուր կրնան համապարփակ կերպով ամրագրուիլ «Ապրիլ միասին» տեսլականի սկզբունքներն ու արժէքները՝ մարդու իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը, կանանց եւ տղամարդոց իրաւահաւասարութիւնը, միջմշակութային եւ միջկրօնական երկխօսութիւնը, ահաբեկչութիւնը սնող արմատականացման եւ բռնի ծայրայեղականութեան, այլատեացութեան, ատելութիւն սերմանող գաղափարախօսութեան, անհանդուրժողականութեան եւ խտրականութեան բոլոր ձեւերուն դէմ պայքարը:
«Գագաթնաժողովի կարեւոր քայլերէն մէկը, զոր մտադիր ենք կազմակերպել, Ֆրանսախօս երկիրներու տնտեսական ժողովն է: Մենք մեծ կարեւորութիւն կու տանք ֆրանսախօս երկիրներու ձեռնարկութիւններուն եւ մասնագիտական, հիմնարկային ցանցերու համախմբման տնտեսական կապերը խթանելու եւ գործարար միջավայրը բարելաւելու տեսանկիւնէն: Մեր նպատակն է գագաթաժողովին ընթացքին հիմնել ֆրանսախօս երկիրներու գործարարներու ցանց:
Ուզելով Երեւանի գագաթնաժողովին հաղորդել հարուստ եւ բազմաշերտ բովանդակութիւն՝ Գագաթնաժողովին ընթացքին նախատեսած ենք կեանքի կոչել բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ: Մենք կ՛ուզենք, որ լայնածաւալ ձեռնարկներու միջոցով այս հանդիպումը դառնայ համակեցութեան եւ համախմբման իւրօրինակ տօն, որուն կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ ֆրանսախօս աշխարհահռչակ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, 11 Հոկտեմբերին կայանալիք համերգը», յայտարարեց Նալբանդեան:
Ֆրանսախօս երկիրներու խոր-հրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու յանձնաժողովի նիստը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ 9 Յուլիս 2017ի Լիւքսեմպուրկի հանդիպման զեկոյցին եւ որոշումներուն վերաբերեալ:
Նշենք, որ 20 Մարտին, Ֆրանսախօս երկիրներու Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու կոմիտէի պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Պատուիրակութեան կ՛ուղեկցէր Ազգային ժողովի հանրապետական պատգամաւոր Մարգարիտ Եսայեան:
Պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին եւ անմար կրակին մօտ եւ յարգեցին զոհերու յիշատակը մէկ վարկեան լռութեամբ: Հիւրերը այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր գրութիւններ արձանագրեցին Յուշամատեանին մէջ:
«Ես թանգարանէն ստացած մեծ տպաւորութեան տակ եմ: Այստեղ ցուցադրուած է սարսափելի պատմութիւնը ժողովուրդի մը, որ այս բոլորէն վերապրած է: Եւ ասիկա 20րդ դարու առաջին տրաման է», լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ պատուիրակութեան ղեկավար Ֆրասա Քրիսթոֆ-Անտրէն: