ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Կառավարութիւնը իր 22 Մարտի նիստին հաւանութիւն տուաւ «Երեւանի պետական համալսարանի շրջանաւարտների միաւորում» Հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցած Երեւանի Մոնթէ Մելքոնեան փողոցին յարակից 6.57 հեկտար մակերեսով հողամասին վրայ բնակարանային ապահովման ներդրումային ծրագիրին:
Համաձայնութիւն տրուեցաւ նաեւ այդ հողամասը վաճառելու կազմակերպութեան: Այս որոշման շնորհիւ երիտասարդ մասնագէտներ մատչելի պայմաններով բնակարան գնելու հնարաւորութիւն պիտի ունենան:
Այս որոշումով կը նախատեսուի կառուցել «Վերածնունդ» երիտասարդական աւանը, որ պիտի ունենայ շուրջ 1000 բնակարան, կանաչապատ հանգսիտի գօտիներ, մանկապարտէզ, կենցաղային սպասարկման եւ հասարակական նշանակութեան տարածքներ:
Ծրագիրի ներդրումային ընդհանուր արժէքը կը կազմէ շուրջ 52 միլառ դրամ եւ յառաջիկայ 3 տարիներուն ընթացքին պիտի ստեղծուին շուրջ 2400 աշխատատեղեր: