ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- Ուքրանիոյ հայերու միութեան պատրաստած՝ «Շնորհակալութիւն՝ Կրկին Շաղկելու Հնարաւորութեան Համար. Հայե՛ր» խորագրեալ տեսանիւթը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ընտրուած է Քանի հեղինակաւոր փառատօնին մասնակցելու համար. այս մասին կը գրէ «analitikaua.net» կայքը:
Քանի շարժապատկերներու 71րդ փառատօնին ընթացքին նշեալ տեսանիւթը պիտի ցուցադրուի ոչ մրցութային կարճատեւ ֆիլմերու ծրագիրի ծիրէն ներս: Անիկա ցուցադրութեան պիտի դրուի շարժապատկերի շուկայի ուքրանական տաղաւարին մէջ:
Ուքրանիոյ հայերու միութեան մամլոյ ծառայութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ, որ ֆիլմը արդէն իսկ մասնակցած է միջազգային քանի մը փառատօներու եւ երրորդ դիրք գրաւած է Մոլտովայի մէջ կայացած փառատօնի մը ընթացքին: Ֆիլմին բեմադրիչներն են Անդրանիկ Պէրպէրեան եւ Անտրէյ Լիտաքովսքի: