ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շաբաթ, Ապրիլ 7ին, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2 տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄի «Հայ Կին» եւ «Երիտասարդական Շրջանակ» մարմիններուն կազմակերպած խորհրդաժողովը, որ նուիրուած է հայութեան ապագայի կերտման մէջ երիտասարդութեան դերակատարութեան:
Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսներն են Գեղամ Մուղնեցեան (Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկէն), Տենիըլ Ֆիթանթէ (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն), Կրեկըրի Գրիգորեան (Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան փոխատենապետ) եւ Ռիչըրտ Չէյմպըրզ (Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղէն)։
Իւրաքանչիւր ներկայացման աւարտին ներկաները առիթ պիտի ունենան յաւելեալ յստակացումներ խնդրելու բանախօսներէն:
Խորհրդաժողովը պիտի կայանայ ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ (2495 E. Mountain St., Pasadena, CA 91104):
Մասնակցութեան սակը 30 տոլար է, ներառեալ՝ ճաշ: Ուսանողներու մասնակցութեան սակը՝ 10 տոլար:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (626) 794-7942 թիւին ու agbuhyegeen@gmail.com հասցէին, կամ այցելել www.itsmyseat.com/HyeGeen կայքէջը: