ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Մարտ 4ի Կիրակին, բնութիւնը պարգեւեց պայծառ եղանակ մը՝ թոյլատրելով, որ Չորք-Մարզպանի հայրենակցական միութեան նախաճաշ-հաւաքոյթին ներկայ գտնուի մօտաւորապէս 150 հոգի, «Թէքէեան» Մշակութային Միութեան «Պէշկէօթիւրեան» սրահին մէջ, Ալթատինա:
Հայրենակիցներ եւ անոնց հիւրերն ու բարեկամները լաւագոյն առիթը ունեցան քով քովի գալու: «Ռաֆֆի» ճաշարանը կը մատակարարէր արեւելեան նախաճաշը:
Օրուան հանդիսավար ու վարչութեան փոխատենադպիր Գէորգ Յակոբեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին՝ յիշատակելով ներկայութիւնը միութեան պատուոյ անդամներ տէր եւ տիկ. Արտօ եւ Արուս Գալայճեաններուն, տէր եւ տիկ. Ա. ու Լ. Գալայճեաններուն, տէր եւ տիկ. Մ. ու Մ. Վարդանեաններուն, տէր եւ տոքթ. Ս. եւ Ա. Սիմոնեաններուն, Անի Սարգիսեանին ու Պէյրութէն՝ Գ. Նազարեանին:
Հայրենակից Արամ Լեփեճեան, ինչպէս միշտ, երգեհոնի վրայ հրամցուց հայկական եւ եւրոպական ծանօթ եղանակներու շարք մը:
Յայտագիրին մաս կը կազմէր ժողովրդական «պինկօ» խաղը, զոր ձեռնհասօրէն վարեց Լուսինէ Պալեան՝ իր դեռատի օգնականներով:
Օրուան մթնոլորտէն խանդավառուած, միութեան բարեսիրական նպատակներուն ի նպաստ եղան աւելի քան 3500 տոլարի նուիրատուութիւններ։
Վարձքը կատար վարչական անդամներուն, որոնք իրենց հաւաքական աշխատանքով նպաստեցին այս նախաճաշի հաւաքոյթի յաջողութեան:
(Թղթակցութիւնը՝ Միութենէն)