ՓԱՐԻԶ.- «Նոր Յառաջ»ը կը հաղորդէ, թէ յառաջիկայ Ապրիլ 24ին, Ժընեւի մէջ բացումը պիտի կատարուի «Յիշողութեան լապտերներ»ուն՝ «Թրեմպլի» զբօսայգիին մէջ։ Այս նախագիծը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին. անոր գծով բանավէճը կը շարունակուէր տարիներէ ի վեր, եւ անոր պատճառով նոյնիսկ դատեր բացուած էին տեղացի թուրքերու եւ զբօսայգիին «քաղաքականացում»ով մտահոգ տեղացիներու կողմէ։ Սակայն, Ժընեւի Արդարադատութեան ատեանը անցեալ Յունուարին մերժած էր այդ բողոքները՝ ընթացք տալով շինարարական աշխատանքներուն։
Նախագիծը, որուն հեղինակն է ֆրանսահայ արուեստագէտ Մելիք Օհանեան, 2011էն ի վեր կը սպասէր «աշխարհ գալուն»։ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան միջամտութեան իբրեւ հետեւանք, «Յիշողութեան լապտերներ»ը «Արիանա»» զբօսայգիին մէջ հաստատելու ծրագիրը ձախողեցաւ 2014ին։
Ստեղծագործութիւնը կը բաղկանայ 10 մեթր բարձրութեամբ 9 լապտերներէ, որոնք ունին արցունքաձեւ ելեկտրական լոյսեր։