ՖՐԵԶՆՕ.- Ամերիկահայ բարերար Գըրգ Գըրգորեանի կենսագրութեան մասին Ուիլեըմ Ռեմփըլի հեղինակած հատորը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ պիտի ներկայացուի Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանի սրահին մէջ։
Հետազօտող-լրագրող Ռեմփըլ պիտի ներկայացնէ իր հեղինակած՝ «Բախտախաղացողը. Ինչպէ՛ս Չքաւոր Եւ Թերուս Գըրգ Գըրգորեանը Դարձաւ Դրամատիրութեան Պատմութեան Ամենակարեւոր Դերակատարներէն Մէկը» («The Gambler: How Penniless Dropout Kirk Kerkorian Became the Greatest Dealmaker in Capitalist History») հատորը, որուն հերոսը նաեւ ծնած է Ֆրեզնօ։
Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանի վարչութեան ատենապետ Վարուժան Տէր Սիմոնեան կը տեղեկացնէ, թէ այս ձեռնարկին համար թանգարանը կը գործակցի Ֆրեզնօ գաւառի հանրային գրադարանին հետ, աւելցնելով, որ Գըրգորեանի միլիոնաւոր տոլարներու բարեսիրական գործունէութեան դիմաց, այս հատորը միայն մասնակիօրէն կ՛արժեւորէ անոր մարդասիրական արարքները։
Գիրքին մէջ Գըրգ Գըրգորեան կը ներկայացուի իբրեւ խիզախ օդաչու, շարժապատկերի ու խաղարաններու աշխարհի վարպետ գործարար, որ Լաս Վեկասն ու Հոլիվուտը բարեփոխած է իր արարքներով: Ռեմփըլ, խորանալով Գըրգորեանի ցարդ բաւարար կերպով չուսումնասիրուած պատմութեան մէջ՝ լուսարձակի տակ կ՛առնէ նաեւ անոր հակասութիւնները՝ անբաւարար ուսում ստացած հանճար եւ չափազանց ամչկոտ, որ սակայն ամենահամարձակ գործարարական արկածներու պատրաստ էր:
Մուտքը ազատ է, իսկ տեղեր ապահովելու համար, կարելի է դիմել (559) 224-1001 թիւին, կամ այցելել www.Armof.org կայքը։
Թանգարանի հասցէն է՝ 550 East Shaw Ave., Fresno, CA 93755-5969։