ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Առողջ սերունդներ դաստիարակելը գրաւականն է ժողովուրդի մը կեանքի առողջ յարատեւման: Շաբաթ, Մարտ 17ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանը մեծ խնադավառութեամբ տօնեց ուսումնական կեանքէն ներս ունեցած իր 33 տարիներու յաղթական երթը եւ նուաճումները, միաժամանակ նորոգելով ուխտը՝ հաստատուն քայլերով շարունակելու դէպի նոր յաղթանակներ, դէպի 35ամեակ, ոգեւորուած Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան աւելի քան 170 տարիներու անկոտրում աշխատանքով, որուն նպատակն է քրիստոնէական եւ հայեցի կրթութեամբ դաստիարակել հայ սերունդները։
Վարժարանի մեծ ընտանիքը նաեւ միասնաբար տօնեց հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս առանցքային կարեւորութիւն ունեցող եղելութիւնները, ինչպէս՝ Մայիսեան ճակատագրական ճակատամարտերու փառաւոր յաղթանակի հարիւրամեակը, Երեւան մայրաքաղաքի հիմնադրութեան 2800ամեակը, Արցախի ազատագրական շարժումի 30ամեակը, որոնք մեր ժողովուրդի կեանքը առաջնորդող երեւոյթներ են:
Հպարտութիւն ներշնչող երեկոյթ-հանդիսութիւնը կը վայելէր Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի օրհնաբեր ներկայութիւնը. ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Սրբուհի Նահատակաց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Արմենակ վրդ. Պետրոսեան, վարժարանիս տնօրէնուհի քոյր Լուսիա, նաեւ քոյր Ակուլինէ Թերզեան եւ քոյր Գայիանէ Թասլաքեան, պետական յարգելի անձնաւորութիւններ, յարագարժան բարերարներ, հիւրեր, ուսուցչական կազմ, պաշտօնէութիւն, շրջանաւարտ ծնողներ եւ աշակերտներ։ Երեկոյթը կը հովանաւորէր տէր եւ տիկին Մարտիկ եւ Նորա Պուլտուգեան բարերար ամոլը, որ իր ունեցածէն միշտ բաժին հանած է եկեղեցւոյ, ազգային կառոյցներուն, ինչպէս եւ Հայ Քոյրերու վարժարանին:
Կ՛ուզենք յիշել, որ կազմակերպչական աշխատանքները վստահուած էին յանձնախումբի մը՝ բաղկացած վարժարանիս խորհրդատու կազմի անդամներէ, անձնակազմէ եւ ծնողներէ, գլխաւորութեամբ՝ վարժարանիս տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի, որ մեծ բծախնդրութեամբ եւ հմտութեամբ ծրագրեց երեկոյթի բոլոր մանրամասնութիւնները:
Օրուան հանդիսավարն էր հանրածանօթ կատակերգակ Արա Պէյսըլ, որ ողջունեց ներկաները եւ հակիրճ նախաբանէ մը ետք՝ բեմ հրաւիրեց Միքայէլ եպս. Մուրատեանը, որպէսզի իր օրհնութեամբ սկսի օրուան ծրագիրը։ Առաջնորդը յիշեցուց, որ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան միանձնուհիները 170 տարիներէ ի վեր իրենց կեանքով կը ծառայեն հայ մանուկին ու պատանիին եւ անոր ընդմէջէն՝ Տիրոջ։ Ան նշեց, որ անոնք արժանի են ամէն յարգանքի ու սիրոյ եւ յորդորեց ներկաները քաջալեր հանդիսանալու Հայ քոյրերուն եւ անոնց իրականացուցած աստուածահաճոյ աշխատանքին։ Ապա ներկաները յոտնկայս միացան առաջնորդին կողմէ սեղաններու օրհնութեան եւ Տէրունական աղօթքին:
Տնօրէնուհի քոյր Լուսիա երախտագիտութեամբ ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց բոլոր ներկաները բարոյապէս եւ նիւթապէս զօրակցելու Հայ Քոյրերու «ամրոց»ին եւ անոր սրբազան երթին, ի սպաս հայակերտումի եւ մարդակերտումի սրբազան առաքելութեան, որուն առաքեալներն են դաստիարակները, ուսուցիչները, վարժարանին զօրակցող իւրաքանչիւր յանձնախումբ եւ իւրաքանչիւր ծնողք, որ արդարօրէն արժանի է շնորհակալութեան։ Խօսքին վերջաւորութեան քոյր Լուսիա շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բոլոր նուիրատուներուն եւ բեմ հրաւիրեց երեկոն հովանաւորող Մարտիկ եւ Նորա Պուլտուգեան ընտանիքը, առաջնորդին հետ միասնաբար անոր յուշանուէր մը յանձնելու:
Հանդիսավարը յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեանը, որ իր յարգանքն ու հաւատքը յայտնեց վարժարանի 33ամեայ աշխատանքին, որուն կենդանի վկաներն են Նաճարեան ընտանիքի թոռնիկները, որոնք շրջանաւարտ են այս կրթօճախէն եւ իրենց կրօնական, հայեցի դաստիարակութեան կողքին՝ լաւագոյն նախնական կրթութիւն ստացած են։ Ապա, ան վարժարանին յանձնեց Կլենտէյլի քաղաքապետութեան կողմէ յատուկ գնահատագիր մը:
Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան կողմէ շնորհակալութեան խօսք արտայայտեց նաեւ Կրէկ Մարթայեան, որուն կողակիցը վարժարանիս շրջանաւարտներէն է։ Ան իր յատուկ գնահատանքը արտայայտեց ի տես վարժարանէն ներս ջամբուած դաստիարակութեան եւ կրթութեան, ապա յատուկ գնահատագիր յանձնեց տնօրէնութեան:
Երեկոյթի պաշտօնական խօսքերը շարունակուեցան վարժարանիս խորհրդատու մարմինի ատենապետուհի Նայիրի Թանուսեանի ելոյթով: Ան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ վարժարանի նոր ծրագիրներուն վրայ եւ զեկուցեց արդէն իսկ սկիզբ առած ծրագիրներուն մասին՝ հաւաստիացնելով, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին պիտի կատարելագործուին անոնք, անշուշտ՝ ունենալով նիւթական զօրակցութիւնն ու բարոյական աջակցութիւնը ներկայ եւ շրջանաւարտ բոլոր ծնողներուն:
Երեկոյթի պաշտօնական յայտագիրը աւարտելէ ետք բեմահարթակը ստանձնեց հիւրաբար երգող Անթուան Պեզճեանը, որ ժողովուրդը պարի հրաւիրեց իր խանդավառ եւ կենսուրախ պարեղանակներով. շուտով ճոխ սեղանները տեղի տուին պարահարթակին, սակայն ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ բեմ եկաւ օրուան երգիչը՝ Ճոզէֆ Գրիգորեան, եւ պարն ու երգը տիրապետեցին մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը:
Արդար էր ուրախութիւնը բոլորին, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, որ այսօրուան երեխաները վաղուան ղեկավարներն են: Բոլորի՛ն վարձքը կատար։ Անոնց ջանքերով այս երեկոն իրականութիւն դարձաւ եւ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: