Շաբաթ, Մարտ 24ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ տօնեցին Սուրբ Զատկուան մօտալուտ գալուստը:
Առաւօտեան ժամերուն, վարժարանի հանդիսասրահը սկսած էր դիմաւորելու հիւրերը՝ ծնողներ, մեծ մայրեր, մեծ հայրեր, ինչպէս նաեւ ներկայանալի թիւով շրջանաւարտներ: Իսկ սրահը, պատի զարդարանքներէն մինչեւ սեղաններու ծածկոցները, ամբողջութեամբ կը ցոլացնէր տօնական մթնոլորտը։
Սկսաւ օրուան ծրագիրը: Վարժարանի 62 աշակերտները, շարան-շարան, «Մենք մանուկներ հայոց ազգի» դպրոցական քայլերգը երգելով՝ քալեցին դէպի եկեղեցի: Խորանին առջեւ անոնք նախ կատարեցին «Մարմին տէրունական», «Սուրբ Աստուած» եւ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աղօթքները: Վարժարանի շրջանաւարտուհիներէն Անի Պոյաճեան (այժմ UCLA համալսարանի ուսանողուհի) ընթերցեց Խոստովանանքի եւ զղջումի բանաձեւը: Ապա, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան փոքրիկներուն հասանելի լեզուով եւ ոճով փոխանցեց Ս. Յարութեան պատգամը, որմէ ետք բոլոր հիւրերը ստացան Ս. Հաղորդութիւն: Մինչ, ընտիր շարականներու եռաձայն երգեցողութիւն կատարեցին ուսուցչուհի Ազնիւ Սէրայտարեանը, սարկաւագ-ծնողներ Արա Տագէսեանը եւ Յովհաննէս Սագայեանը:
Եկեղեցիէն վերադարձին, հանդիսասրահէն ներս, աշակերտները հայկական աշխոյժ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ պարի եւ հաւկթախաղի զուարճալի ժամ մը վայելեցին: Մանկապարտէզի աշակերտները, առաջնորդութեամբ ուսուցչուհի Անի Մարսէլեանի, արտասանեցին տօնական ոտանաւորներ: Իսկ բոլորին համար անակնկալ էր «նապաստակ»ի մը յայտնութիւնը, որուն հետ հաճելի պահեր ապրեցան բոլոր փոքրիկները:
Այսպէս, Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը վայել շքեղութեամբ տօնուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս՝ բոլորին սիրտերուն մէջ անգամ մը եւս արծարծելով սիրոյ եւ ցնծութեան բարի զգացումներ:
Աւարտին, տնօրէն Նորայր Տատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ մասնակիցներուն: Ան շնորհաւորեց բոլորին Ս. Զատիկը եւ անոնց մաղթեց խաղաղ, բարեբեր եւ ուրախ օրեր: