ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամէն տարուան նման այս տարի եւս, Ֆերահեան Ազգ. վարժարանէն 10 աշակերտներ՝ երկու խումբերով, շրջանի միւս 30 վարժարաններու աշակերտներուն կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Փետրուար 24ին կայացած Լոս Անճելըս քաղաքի Ջուրի եւ ուժանիւթի բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուող եւ գիտական նիւթերու նուիրուած տարեկան զարգացման մրցումին։
Ուսուցիչներ Պետոյեանի եւ Թանթուշեանի կողմէ մարզուած «Ֆերահեան»ի երկու խումբերէն մէկը, վարժարանի պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով, կրցած է այլ վարժարաններու խումբերուն դէմ կատարուած 5 մրցումներէն 3ը յաղթանակով աւարտել։
(Քաղուած Քարլա Կետիքեանի թղթակցութենէն)