ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF) կը պահանջէ Ապրիլ 14ին Տրէօ քաղաքին մէջ նախատեսուած ժխտողական դասախօսութեան արգիլումը: CCAF այս մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՝ըսէ.
«Ցեղասպանութեան ոգեկոչման թուականէն 10 օր առաջ‘ թրքական COJEP ընկերակցութեան կազմակերպած այս ձեռնարկը, որու բնոյթին մասին ինքնին խօսուն է խորագիրը՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած» (Ermeni Soykirimi yoktur), իսկական գրգռութիւն մըն է, անարգանք՝ զոհերու յիշատակին: Տուեալ ձեռնարկը բոլորովին կը պատշաճի COJEP-ի ժխտողական գործունէութեան, որ տարիներէ ի վեր կը հանդիսանայ թրքական իշխանութիւններու հակահայ արշաւներու Ֆրանսայի գործիչը: Հայոց բնաջնջման պատասխանատուները չքմեղելու այս փորձը ոճիրի մեղսակցութեան համազօր է, հետեւաբար՝ ատելութիւն կը հրահրէ:
CCAF կը դատապարտէ սոյն ձեռնարկին մասնակցութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխ-տող Իվ Պենարի, ինչպէս նաեւ Ապտելազիզ Շաամպիի, որ իբրեւ թէ «Ցեղապաշտութեան եւ իսլամատեացութեան դէմ համակարգումի»՝ CRI-ի նախագահն է. ան իբրեւ «S» («ՆՅ» – Պետութեան կողմէ հսկողութեան տակ գտնուող իսլամապաշտ վտանգաւոր գործիչներու յատուկ ծածկագիր) ցանկագրուած, իսլամապաշտ շարժումին մօտիկ գործիչ մըն է, որ պետական պաշտօնեայ նախատելու յանցանքով դատապարտուած ալ է:
CCAF Ներքին գործոց նախարար Ժերար Գոլոնէն կը պահանջէ դիմել անհրաժեշտ միջոցներուն՝ արգիլելու համար այս ձեռնարկը, որ հակոտնեայ է Հանրապետութեան արժէքներուն, «միասին ապրել»ու սկզբունքներուն, որոնք էապէս հակասական են մարդկութեան դէմ գործուած անժամանցելի ոճիրի մը հեղինակներուն նկատմամբ՝ հասարակութեան մեղսակցութիւնը հայցելու փորձին հետ, մա՛նաւանդ որ տուեալ ոճիրը ճանչցուած է 2001 Յունուար 29-ի օրէնքով»: