ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալները անցած շաբաթավերջին յարձակում մը իրականացուցած են Սղերթ նահանգի Էրուհ շրջանին մէջ տեղակայուած ռազմական խարիսխի մը վրայ:
Յարձակումին իբրեւ հետեւանք սպաննուած են առնուազն վեց թուրք զինուորներ եւ վիրաւորուած են 7 ուրիշներ։
Քիւրտ զինեալները յայտնաբերելու եւ «վնասազերծել»ու նպատակով, թրքական ապահովական ուժերը շրջանին մէջ լայնածաւալ գործողութեան մը սկսած են: