Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ Կրտսերներու ձմեռնային աւանդական բանակումը այս տարի տեղի ունեցաւ Փետրուար 16-19ի շաբաթավերջը, ի մի բերելով շրջանի մասնաճիւղերէն աւելի քան 130 պատանիներ։
ՀԵԴ Կրտսերներու ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ Սիլվա Խայալեան կը յայտնէ, թէ վերջին քանի մը տարիներուն մարմինը մօտէն կը գործակցի մասնաճիւղի վարիչներուն հետ, բանակումի ընթացքին իրագործելու համար պատանիներու մօտ ղեկավարման ձիրքեր զարգացնելու յատուկ ծրագիրներ։
Այս տարուան բանակումը կայացաւ՝ «Սերունդ, ազգ, նորարութիւն» ընդհանուր խորագիրին տակ, իսկ անոր համավարիչներն էին դոկտ. Դալար Շահինեան եւ Սեւակ Մանուէլեան, որոնք կը յայտնեն, թէ քաջալերուած վերադարձած են բանակումէն՝ ականատես դառնալով փայլուն ապագայ խոստացող բանակողներու խանդավառութեան եւ ստեղծագործութեան։
Առաջնորդութեամբ համավարիչներուն եւ ՀԵԴական խորհրդականներուն, պատանիներ մասնակցեցան շարք մը աւանդական նախաձեռնութիւններու եւ խաղերու, հետաքրքրական դաստիարակչական ներկայացումներու, ինքնապաշտպանութեան փորձերու, ինչպէս նաեւ Փետրուարեան ապստամբութեան, Հայաստանի մէջ նորարութեանց զարգացման, հայկական երաժշտական գործիքներու, երգեր գրելու եւ Ջաւախքի նուիրուած աշխատանիստերու։
Կիրակի գիշեր, ներկաները վայելեցին Դրօ Գրիգորեանի երգերը՝ ընկերակցութեամբ Արայիկ Գէորգեանի երաժշտութեան։
ՀԵԴ Կրտսերներու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Սարօ Շիրինեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բանակումի յաջողութեան մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցողներուն։