Կիրակի, 18 Մարտ 2018ի երեկոյեան, Կլենտէյլ քոլեճի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի ՔԱՀԱՄի (Քալիֆորնիոյ հայ աշակերտական մարզախաղեր) 34րդ խաղերուն փակման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ պաշտօնական հիւրերու եւ հազարաւոր ծնողներու:
Միաժամանակ, յայտարարուեցաւ բացումը այս տարուան Նաւասարդեան մարզախաղերուն: ՔԱՀԱՄը կը կազմակերպուի ամէն տարի՝ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան մարզական խորհուրդին կողմէ, եւ իր տարողութեամբ՝ երկրորդ մեծագոյն նախաձեռնութիւնն է Նաւասարդեանէն ետք:
Հանդիսութեան ներկայ էին թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւթեան, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսելեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիք Իզմիրլեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչ Լենա Քորթոշեան, անցեալ Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահներ Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեաններ, անցեալի պատուոյ նախագահներ, Շրջանային վարչութեան եւ մարզական յանձնախումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարաններու տնօրէններ եւ ծնողներու հոծ բազմութիւն մը:
Փակման այս ձեռնարկին հանդիսավարներն էին Սեդա Պեշլեան-Սաղպազարեան (հայերէն) եւ Մարիթա Մեծաչեան (անգլերէն):
Հանդիսութեան սկիզբը, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը ՀՄԸՄի հիմնադիրներուն, որոնք 100 տարի առաջ հիմը դրած էին այս կազմակերպութեան: Ապա փողերախումբը նուագեց Մ. Նահանգներու, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները, մինչ սկաուտները կատարեցին դրօշակի արարողութիւնը:
Ամպիոն հրաւիրուեցաւ Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց 2018 տարուան կարեւորութիւնը՝ իբրեւ Հայաստանի հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան հարիւրամեակ, ինչպէս նաեւ Արցախի ազատագրական շարժման 30ամեակ: Ան դրուատեց ՀՄԸՄի դերը, իբրեւ կազմակերպութիւն մը, որ 100 տարիէ ի վեր ազգային դաստիարակութիւն տուած է բազմաթիւ սերունդներու ու կը մնայ պատնէշի վրայ՝ առաւել ուժեղացած, առաւել ընդարձակուած: Տէր հայրը նաեւ առաջնորդ սրբազանին անունով շնորհաւորեց ՔԱՀԱՄը, որ տասնամեակներէ ի վեր կը համախմբէ հայ աշակերտութիւնը՝ մարզական խաղերու առողջ մթնոլորտի մը մէջ: Ան գնահատեց նաեւ բոլոր մասնակից հայկական վարժարանները, ապա Տէրունական աղօթքով օրհնեց ներկաները:
Ամպիոն հրաւիրուեցաւ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի տնօրէն Սօսի Շամլեան, որպէսզի մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն անունով օրուան պատգամը փոխանցէ: Շամլեան դրուատեց ՔԱՀԱՄի դերը ու այս ծիրէն ներս նշեց, թէ ինչպէս իր զաւակը տարիներ առաջ, յուզուած էր ՔԱՀԱՄի փակման հանդիսութեան օրը, որովհետեւ անիկա իր վերջինն էր: Ան ընդգծեց ՔԱՀԱՄի խաղերուն դրական ազդեցութիւնը մանկահասակ ու պատանի հայ աշակերտներու վրայ: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ խումբերու մարզիչներուն, ինչպէս նաեւ մարզական խորհուրդին, որ ջանք չեն խնայեր հայ աշակերտներու միտքով ու ֆիզիքապէս առողջ դաստիարակութեան համար:
Ապա Արամ Թովմաս փոխանցեց Շրջանային վարչութեան խօսքը: Ան ըսաւ, թէ խոր հաւատք ունինք ՀՄԸՄի «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանին եւ այդ ոգիով է, որ կը կազմակերպենք ՔԱՀԱՄի խաղերը 34 տարիէ ի վեր: Այս տարի, ՀՄԸՄը իր բոլոր նախաձեռնութիւնները նուիրած է իր հիմնադրութեան 100ամեակին. մէկ դարէ ի վեր, ՀՄԸՄը իր սկաուտական եւ մարզական գործունէութեամբ, ազգային դաստիարակութիւն կու տայ մանուկ, պատանի ու երիտասարդ սերունդներուն: Ան ընդգծեց բոլոր կամաւոր աշխատողներուն դերը այս գործին մէջ, ըլլան անոնք վարչականներ, մարզիչներ թէ ծնողներ: Ապա ան գնահատեց այն բոլոր դպրոցները, որոնք մասնակցեցան այս մարզախաղերուն, գնահատեց բոլոր կամաւորները, մարզիչներն ու ծնողները, որոնք անհամար ժամեր յատկացուցին ամիսներու վրայ երկարող այս մարզախաղերը յաջողութեամբ պսակելու համար:
Խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսելեան, որ յայտարարեց 43րդ Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահներուն եւ տիպար ՀՄԸՄականին անունները՝ յաջորդաբար տէր եւ տիկ. Համլէթ եւ Կրեթա Չրախչեաններ եւ Գօգօ Պալեան, երկուքն ալ Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամներ: Ան նաեւ պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց 43րդ Նաւասարդեան մարզախաղերը, որոնց խորհրդանիշը եւս պարզուեցաւ բեմին վրայ, ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն ընկերակցութեամբ:
Հասաւ բոլորին կողմէ սպասուած պահը՝ ՔԱՀԱՄին մասնակից մարզիկ աշակերտներուն տողանցքը, դարձեալ շեփորախումբին ընկերակցութեամբ: Տողանցքին մասնակցեցան վարժարաններու մարզական խումբերը, իւրաքանչիւրը տնօրէնին առաջնորդութեամբ, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութիւնը, բոլոր մասնաճիւղերու սկաուտներով՝ ՀՄԸՄի հարիւրամեակի խորհրդանիշով:
Տողանցքին ընթացքին, օրուան հանդիսավարները մէկ առ մէկ ներկայացուցին մասնակից վարժարանները՝ իրենց մարզախումբերով:
Տողանցէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն եւ բաժակներու տուչութիւն ախոյեան հանդիսացած խումբերուն, նոյն խանդավառ մթնոլորտին մէջ: Ապա Ֆերահեան Ազգային վարժարանի աշակերտական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ արուեստագիտուհի Արաքսիա Վարդերեսեանի՝ աւելիով խանդավառեց ներկաները քանի մը ազգայնաշունչ երգերով ու ձեռնարկը փակեց ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած երգով:
Բոլորը ժամադրուեցան դարձեալ հանդիպելու ՔԱՀԱՄի յառաջիկայ խաղերուն, Հոկտեմբերին:
ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԵՒ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ
ՀՄԸՄի ՔԱՀԱՄի այս տարուան մարզախաղերը սկսան 22 Հոկտեմբեր 2017ին, 10 վարժարաններու մասնակցութլամբ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս, Հայ Քոյրերու, ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան, Ֆերահեան, Հայ աւետ. Մերտինեան, Յովսէփեան, Վահան եւ Անուշ Շամլեան, Սահակ Մեսրոպ, Արի Կիրակոս Մինասեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններ:
Նշեալ վարժարանները մասնակցեցան ընդհանուրը՝ պասքէթպոլի 112, ոտնագնդակի 37 եւ վոլիպոլի 29 խումբերով: Աթլեթիզմին մասնակցեցան 750 մարզիկ աշակերտներ, փինկ փոնկի խաղերուն մասնակցեցան 135, իսկ ճատրակի՝ 85 աշակերտներ:
Գալով վերջնական արդիւնքներուն՝ հետեւեալ պատկերը կազմուեցաւ.
Պասքեթպոլ. առաջին՝ Շամլեան Ազհային վարժարան, 44 կէտ. երկրորդ՝ Ֆերահեան Ազգային վարժարան, 36 կէտ. երրորդ՝ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարան, 16 կէտ. չորրորդ՝ ՀԲԸՄի «Մարի մանուկեան» վարժարան, 11 կէտ եւ հինգերորդ՝ Հայ Քոյրերու վարժարան, 4 կէտ:
Ոտնագնդակ. առաջին՝ ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան, 11 կէտ. երկրորդ՝ Շամլեան Ազգային վարժարան, 9 կէտ. երրորդ՝ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարան, 4 կէտ: Չորրորդ դիրքը գրաւեցին Մեսրոպեան եւ Ֆերահեան Ազգային վարժարանները՝ 3ական կէտով. հինգերորդ՝ Հայ աւետ. Մերտինեան վարժարան, 2 կէտով:
Վոլիպոլ. առաջին՝ Ֆերահեան Ազգային վարժարան, 13 կէտ. երկրորդ՝ Շամլեան Ազգային վարժարան, 8 կէտ. երրորդ՝ ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան եւ Յովսէփեան վարժարաններ՝ 3ական կէտ. չորրորդ՝ Ալեք Փիլիպոս, Մերտինեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններ, 1ական կէտով:
Փինկ-փոնկ. առաջին՝ Ֆերահեան Ազգային վարժարան, 33 կէտ. երկրորդ՝ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարան, 21 կէտ. երրորդ՝ Մեսրոպեան Ազգային վարժարան, 20 կէտ. չորրորդ՝ ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան, 7 կէտ. հինգերորդ՝ Հայ Քոյրերու վարժարան, 5 կէտ:
Ճատրակ. առաջին՝ ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան, 21 կէտ. երկրորդ՝ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարան, 11 կէտ. երրորդ՝ Շամլեան Ազգային վարժարան, 5 կէտ. չորրորդ՝ Հայ Քոյրերու վարժարան, 4 կէտ. հինգերորդ՝ Ֆերահեան եւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարաններ, 1 կէտ:
Աթլեթիզմ. առաջին Ֆերահեան Ազգային վարժարան, 33 կէտ. երկրորդ՝ Շամլեան Ազգային վարժարան, 21 կէտ. երրորդ՝ ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան, 20 կէտ. չորրորդ՝ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարան, 7 կէտ. հինգերորդ՝ Հայ Քոյրերու եւ Հայ աւետ. Մերտինեան վարժարաններ, 5ական կէտ:
ԹՂԹԱԿԻՑ