Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտ-չեանի հրաւէրով Երեւան կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը՝ նախարար Նարինէ Աղաբալեանի գլխաւորութեամբ: Երեքշաբթի, 3 Ապրիլին, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ երկու նախարարութիւններու ղեկավար կազմերու հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդման եւ զարգացման վերաբերող հարցեր:
«Մենք մեծ ակնկալիքներ ունինք մեր համագործակցութենէն, որովհետեւ Արցախը բաւական լուրջ կրթական կարողականութիւն ունի, երիտասարդութիւնը բացարձակօրէն նուիրուած է կրթութեան եւ գիտութեան: Արցախը կարեւոր քայլ առած է դէպի որակեալ կրթութիւն, սակայն կրթութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ տակաւին բաւական ընելիքներ ունինք», հանդիպման ընթացքին ըսաւ նախարար Լ. Մկրտչեան։
Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին համար՝ յայտնեց, որ այս հանդիպումին շնորհիւ աւելի կը յստականան երկու նախարարութիւններուն միջեւ հետագայ համագործակցութեան քայլերը: «Պէտք է պարբերաբար հանդիպիլ, որպէսզի միասնաբար իրագործենք բոլոր այն բարեփոխումները, որոնք նախատեսուած են», ընդգծեց Աղաբալեան:
Հանդիպման աւարտին, նախարար Լեւոն Մկրտչեան պարգեւատրուեցաւ արցախեան շարժման 30ամեակի յուշամետալով: