ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս».- Ուրբաթ, Ապրիլ 13ին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ յայտնաբերած է Դամասկոսի արուրձաններէն Տումայի մէջ քիմիական յարձակումի մը ամբաստանութիւններուն վերաբերեալ փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ այդ մասին շինծու տեսանիւթներ պատրաստելու նպատակով Բրիտանիա դաւադրութիւն մշակած է՝ «Սպիտակ Սաղաւարտակիրներ»ու մեղսակցութեամբ։ Նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով յայտնեց, թէ Տումայի խնդրոյ առարկայ հիւանդանոցէն երկու բժիշկներ խոստովանած են, որ տեսանիւթին մէջ երեւցողներէն ոչ ոք վնասուած էր քիմիական նիւթերէ, իսկ «Սպիտակ Սաղաւարտակիրներ»էն աղբիւրներ հաստատած են, որ Բրիտանիայէն ճնշում բանեցուած է իրենց վրայ՝ Տումայի վերագրաւումէն առաջ սուրիական իշխանութիւնները վարկաբեկելու նպատակով նման յարձակում մը բեմադրելու։
Նշենք, որ այս յարձակումը նկատի ունենալով էր, որ Ուաշինկթըն կը սպառնայ ռմբակոծել Սուրիան, հակառակ անոր որ քիմիական նիւթերու օգտագործումը քննելու նպատակով միջազգային քննիչներ Ապրիլ 14ին պիտի սկսին փաստեր որոնելու աշխատանքին։
Թրամփ «շատ շուտ» յարձակելու իր սպառնալիքը մեղմացուցած էր Հինգշաբթի օր, երբ պաշտպանութեան նախարար Ճէյմզ Մեթիս յայտարարած էր, թէ տակաւին քիմիական յարձակումի պատասխանատուները յստակացած չեն։
Սուրիա եւ Ռուսիա, անշուշտ, կը հերքեն քիմիական յարձակումի մը մասին լուրերը։ Ռուսիա նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց արտակարգ ժողով մը գումարել, քննելու համար Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ Սուրիոյ հասնելիք զինուորական հարուածին վտանգները: Ռուսիա աւելցուցած էր, որ այս հանգրուանին, առաջքը պէտք է առնուի այնպիսի հարուածներու, որոնք կրնան վտանգաւոր բախումներու դուռ բանալ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ Ապրիլ 12ին յայտնած է, որ Անգարա տակաւին չէ կողմնորոշուած, թէ արդեօք պիտի աջակցի՞ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ դէմ հաւանական ռազմական գործողութեան: Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Աքսոյ աւելցուցած է, թէ Տումայի մէջ ենթադրեալ քիմիական յարձակումին ետին, Թուրքիոյ կարծիքով, կանգնած են Սուրիոյ իշխանութիւնները:
Նաեւ, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Թրամփի հետ: Անոնք համաձայնած են, թէ կարեւոր է արձագանգել Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման՝ խոստանալով համակարգել այդ ուղղութեամբ իրենց քայլերը:
Աւելի կանուխ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւս յայտարարած էր, որ Փարիզ ապացոյցներ ունի այն մասին, թէ Սուրիոյ կառավարութիւնը քիմիական յարձակում իրականացուցած է Դամասկոսի մօտ: