
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Հակադարձելով Սուրիոյ վրայ ամերիկեան նորագոյն ռմբակոծումին, որ զարմանալիօրէն տեղի ունեցած էր ռմբակոծման դրդապատճառ նկատուած քիմիական ենթադրեալ յարձակումին իրականութիւնը քննելու համար Դամասկոս հասած քննիչներու աշխատանքէն միայն ժամեր առաջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Կիրակի, Ապրիլ 15ին ազդարարեց, թէ Արեւմուտքին կողմէ նման ապօրինի յարձակումի մը կրկնութիւնը կրնայ «համաշխարհային քաոսային իրավիճակ» մը ստեղծել, որովհետեւ տեղի ունեցածը ՄԱԿի եւ միջազգային օրէնքներու յստակ խախտում էր։
Իր կարգին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի հարուածները նկատեց «թշնամական արարք»: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Դամասկոս այցելող ռուսական խորհրդարանական պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումէն ետք։ Ասատ նշեց, որ յարձակումին զուգահեռ՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ դէմ սուտերու եւ ապակողմնորոշման արշաւ մը տեղի ունեցած է, ինչ որ կը փաստէ, թէ երկու երկիրները միացեալ պայքար կը մղեն ո՛չ միայն ահաբեկչութեան դէմ, այլեւ յանուն երկիրներու գերիշխանութեան ու անոնց ժողովուրդներուն կամքը յարգող միջազգային օրէնքի պաշտպանութեան:
Սուրիական բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը չէզոքացուցած են Սուրիոյ վրայ արձակուած հրթիռներուն մեծամասնութիւնը (105էն 71ը), եւ աւելցուց, որ քանի մը հրթիռ ինկած է Պարզէի հետազօտութեան կեդրոնի շէնքին վրայ՝ պատճառելով նիւթական վնասներ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ արձակուած բոլոր հրթիռները յաջողութեամբ հարուածած են իրենց թիրախները:
Նշենք, որ ամերիկեան ուժերը, իբրեւ ռազմափորձ շահագործած էին Սուրիոյ վրայ այս յարձակումը՝ առաջին անգամ ըլլալով գործածելով հեռահաս երկու տեսակի հրթիռներ։ Բոլոր ամերիկեան հրթիռները արձակուած էին Սուրիոյ օդային սահմաններէն դուրս գտնուող ռազմական օդանաւերէ, կամ շրջանին մէջ գտնուող մարտանաւերէ։
Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Սուրիոյ առնչուող մթնոլորտը շատ մտահոգիչ է, եւ զգուշացումներն ու սպառնալիքները չեն նպաստեր երկխօսութեան: Օտար ապահովական մարմինները մեղսակից են Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի յարձակումի թատրոնին, իսկ Մոսկուա հաստա՛տ փաստեր ունի, որ Տումայի մէջ քիմիական զէնքով ենթադրեալ յարձակումը թատրոն էր: Քիմիական զէնքի տարածման կանխարգիլման խմբակը Տումայի մէջ քիմիական զէնքի յարձակումին վերաբերեալ փաստեր պիտի չգտնէ»:
Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ ամերիկեան յարձակումէն առաջ, թիրախ նկատուող բոլոր սուրիական կեդրոնները պարպուած էին։
Յատկանշական է, որ իբրեւ թէ Սուրիոյ քիմիական զէնքերու երեք կեդրոնները «բնաջնջած» ամերիկեան յարձակումներէն՝ քիմիական նիւթերու ո՛չ մէկ սպրդում արձանագրուած է…
Նաեւ, «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շեշտեց, որ Սուրիա այդ ռմբակոծումէն շատ աւելի հզօր դուրս եկած է, իսկ անոր դէմ պայքարող զինեալ խմբաւորումները՝ աւելիո՛վ յուսալքուած են:
Վերջապէս, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը գոհունակութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ կողմէ Սուրիոյ հրթիռային հարուածներ հասցնելու գործողութեան առթիւ: