Դարեր շարունակ տարբեր արհաւիրքներ ապրած, Ցեղասպանական ահռելի ոճիրին զոհ գացած, սոված, տառապած, բայց իր մէջ գտած վերապրելու հրաշալի ուժով ոտքի կանգնած, ստեղծագործած, պետութիւն վերականգնած, պետութիւն կորսնցուցած, վերստին անկախութեան տիրացած մեր ժողովուրդը արժանի է ամէնէն արժանապատիւ կեանքի:
Մեր ժողովուրդին պարտք է համայն աշխարհը, որ ոչ միայն թոյլ տուաւ, որ ժողովուրդ մը ամբողջ տարագրուի իր հողերէն, ջարդուի ու դատապարտուի մահուան, այլ տասնամեակներ շարունակ նուազագոյն ուշադրութեան չարժանացուց աշխարհով մէկ ցրուած վերապրող հայորդիներու կանչերը, դիմումները, պահանջները: Այո, շնորհակալ ու երախտապարտ ենք բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք իրենց խնամքին տակ առին վերապրողները, որբացած երեխաները: Մեր ժողովուրդը իր երախտագիտութիւնը հազարապատիկ վերադարձուցած է իրեն ընդունած երկիրներուն եւ դեռ այսօր ալ կը շարունակէ իր քրտինքով մասնակից ըլլալ այդ երկիրներու զարգացման ու բարգաւաճման գործին: Բայց նոյն այդ երկիրներէն մեր ժողովուրդը բարոյական իրաւունքը ունի պահանջելու, որ յանուն համամարդկային արժէքներու, յանուն ցեղասպանութեան նման անմարդկային ոճիրներու կանխման, պէտք է առաւել ուժգնութեամբ զօրակցին Հայկական Հարցի արդար լուծման:
Մեր ժողովուրդին, անշուշտ, պարտք է ցեղասպանը՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, որ նախ պէտք է դէմ առ դէմ գայ իր պատմութեան, ճանչնայ իր գործած ահաւոր ոճիրը եւ պատասխանատուութիւն ստանձնէ հողային, նիւթական եւ բարոյական հատուցում տալու յանձնառութեամբ:
Մենք, մեր ժողովուրդի զաւակներս, Սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի, պարտինք տէր կանգնիլ մեր բիւրաւոր նահատակներու կտակին, պարտինք մեր ազգին, մեր հայրենիքին համար այնպիսի պայմաններ ստեղծել, որ ոչ մէկ անգամ այլեւս մեր ժողովուրդը նոյնպիսի ճակատագրի ենթարկուելու սպառնալիքը դիմագրաւէ:
Մենք, Սփիւռքի մէջ, պարտինք մեր հայրենիքն ու պետութիւնը հզօրացնելու բոլոր ճիգերուն ամբողջական մասնակցութիւն բերել: Մենք՝ առաւել քան հայրենիքի մէջ ապրող մեր արիւնակիցները, գիտենք, թէ ինչ կը նշանակէ հող կորսնցնել, գիտենք, թէ ինչ կը նշանակէ անզօր մնալ թշնամիներու յարձակումներուն դիմաց: Ուրեմն, մենք աւելի շատ պարտաւորութիւն պէտք է զգանք հայրենիքը ամրացնելու, Հայոց Բանակը անպարտելի դարձնելու ծրագիրներու ու նախաձեռնութիւններու հանդէպ:
Հայրենի պետութիւնը, զայն անձնաւորող բոլոր պաշտօնեաներն ու կառոյցները, մեր ժողովուրդին հանդէպ ունին մեծագոյն պարտաւորութիւնը՝ արժանապատիւ կեանք, ապահով երկինք երաշխաւորելու անոր: Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի հանդէպ այնպիսի գուրգուրանք, այնպիսի հոգատարութիւն պէտք է ցուցաբերուի մեր իշխանութեանց կողմէ, որ հայ մարդը զգայ սեփական պետութիւն ունենալու բարիքը, իր ընտանիքի ապագան տեսնէ սեփական երկրին մէջ, ուր ինք պէտք է գտնէ ամէնէն հարազատ միջավայրը, ամէնէն ապահով երկինքը, իր ստեղծագործական տաղանդը ամէնէն արդիւնաւոր կերպով դրսեւորելու հնարաւորութիւնը:
Մենք պարտք ենք մեր վերապրած, իր ապագային հանդէպ վստահ ժողվուրդին, անոր բոլոր զաւակներուն, ուրեմն պարտք ենք իրարու, պարտք ենք միասնաբար, կողք կողքի աշխատելու, պայքարելու, ստեղծելու: Պարտք ենք միասնաբար մերժելու մեր ժողովուրդին վնասող բոլոր երեւոյթները, ուրկէ ալ եկած ըլլան անոնք՝ դուրսէն թէ ներսէն:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան 103ամեակին,
անգամ մը եւս կը խոնարհինք մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակին առջեւ, մեր աղօթքներով կը դիմենք անոնց բարեխօսութեան եւ կ՛ուխտենք աննահանջ շարունակել անոնց կտակին իրականացման պայքարի ուխտը։
1915ին ու յաջորդող տարիներուն, մեր նահատակները զոհ գացին ծրագրեալ ահաւոր ոճիրի մը, գործնապէս վկայելով, որ դարերէն եկող՝ »Վասն հաւատքի ու վասն հայրենեաց« պատգամը անմեռ է, սուրն ու սպառնալիքները չեն կրնար սասանել հայուն քրիստոնէական հաւատքն ու ազգային ժառանգութեանց հաւատարմութիւնը։ Այդ պատգամը տարուէ տարի կը վերանորոգուի, հասած է մեզի ու մեր հոգիներուն մէջ այսօ՛ր ալ կը հնչէ նոյն ուժգնութեամբ, Ապրիլ 24ին եւ տարուան իւրաքանչիւր օրը։
Միասնաբար պիտի շարունակենք մեր սրբադասեալ նահատակներուն պատգամին կենսագործումը։
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
Առաջնորդ Կրօնական Ժողով
եւ Ազգային Վարչութիւն