ՊԵՏՐՈՍ ՍԷՖԷՐԵԱՆ
Փասատինա քաղաքի ծայրամասը գտնուող հաստատութեան մէջ պաշտօնս ոսկի եւ արծաթ գնել էր։
Օր մը, առաւօտեան ժամը 10-11ի շուրջ, դրան զանգը հնչեց եւ ներս մտաւ ամերիկացի մարդ մը՝ գլխուն «պէյսպոլ»ի գլխարկ մը։ Ան բռնած էր սաւանի մէջ փաթթուած ապսէ մը։
– Արծաթ կը գնե՞ս,- հարցուց, եւ մօտեցաւ բերածը քննութենէ անցընել տալու։
– Բարեկամ, այս բերածդ արծաթ չէ, այլ՝ պղինձ, արծաթ ջրած,- ըսի անոր, ապա խոշորացոյցով կարդալ տուի ապսէին գրութիւնը։
Անունը հարցուցի. «Ճան», ըսաւ։
«Ուրկէ՞ ես» իր հարցումին պատասխանեցի. «Հայ եմ, Լիբանանէն»։ Իր նստած աթոռը աւելի մօտեցնելով սեղանին, սկսաւ պատմելու. «1958ին, ամերիկեան զինուոր էի, «նէյվի», եւ մեր նաւը Լիբանանի ծովեզերքը ցամաքահանում ըրաւ։ Գիշեր էր։ Առաւօտուն, երբ արթնցայ, լերան վրայ էինք։ Վարը՝ ձորը ծառերով պատուած էր։ Ջուրի հոսանք մը կ՛երթար միանալու գետակի մը, որ կը թափէր ծովը, հոն՝ ուր ցամաքահանում կատարեցինք։ Հոն կար «Ֆրիուէյ» մը, որուն քով «մոնասթըր» մը՝ եկեղեցիով։ Քանի մը օր անց, ընկերներով որոշեցինք երթալ եկեղեցի եւ աղօթել։ Մենք երեք անբաժան ընկերներ էինք եւ կը պատկանէինք «փրեզպիթերիըն» եկեղեցւոյ, բայց այս հսկայ եկեղեցին տարբեր էր մերինէն։ Երկար աթոռին վրայ տեղ գրաւեցինք եւ սկսանք աղօթելու։ Մինչ այդ, նշմարեցի, որ մէկը, եկեղեցւոյ պատին կրթնած՝ ուշադրութիւնը մեր վրայ էր։ Ոտքի ելանք դուրս գալու. հազիւ դրան առաջ հասած էինք, անձը մօտեցաւ մեզի եւ ծանօթացանք։ Անունը չեմ յիշեր, բայց շատ ազնիւ եւ հոյակապ «փրիսթ» մըն էր։ Սկսանք դուրս ելլելու, «փրիսթ»ն ալ մեզի հետ ելաւ եւ ան մեզի պատմեց հայ ժողովուրդի մասին, թէ ինչպէ՛ս մէկ միլիոն հայ ժողովուրդ իրենց հայրենիքէն հանեցին անապատի ճամբան բռնեցին՝ անօթի-ծարաւ, ենթարկուելով բազմատեսակ չարչարանքներու։ Ապա, ան մեզ առաջնորդեց եկեղեցւոյ կից գտնուող յատուկ յուշամատուռը։ Ներսը մութ էր. պատերուն վրայ կային փայտէ շինուած պահարաններ, որոնց մէջ՝ Աստուա՛ծ իմ, մարդոց մարմինի ոսկորներ շարուած։ Այս տեսարանը աչքիս առջեւէն չ՛երթար. շատ անգամ կը յիշեմ եւ կը սոսկամ։ Դարձեալ քովդ կու գամ», եւ «Սի եու», ըսաւ ու գնաց։