ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի աշակերտները Ուրբաթ, 20 Ապրիլի առաւօտուն, Ցեղասպանութեան 103ամեակին առիթով խումբ-խումբ քայլարշաւով Ազգային առաջնորդարան այցելեցին եւ Ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակներու յուշակոթողին առջեւ վերանորոգեցին մեր պահանջատիրութեան ուխտը:
Աշակերտները վարժարանի շրջափակին մէջ կատարած էին ծառատունկ եւ մոմավառութիւն՝ նուիրուած Արեւմտեան Հայաստանի Շատախ շրջանին. ծառին հովանաւորն էր վարժարանի ծնողներէն՝ Արա եւ Ժագլին Թովմասեան ամոլը։
Այնուհետեւ, աշակերտները խումբերու բաժնուած՝ քալելով հասան առաջնորդարան: Անոնց կ՛ընկերանային վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, փոխտնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեան, դաստիարակներ եւ ծնողներ: Առաջնորդարանի մուտքին անոնք դիմաւորուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, կողքին ունենալով Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեանն ու Մովսէս քհնյ. Շաննագեանը:
Աշակերտներն ու դաստիարակները զգեստաւորուած էին Արդարութեան քայլարշաւի խորհրդապատկերը կրող շապիկներով: Առաջին խումբին մաս կը կազմէին վարժարանի 6էն 8րդ դասարաններու աշակերտները, երկրորդ խումբին՝ 3րդէն 5րդ դասարաններու աշակերտները եւ վերջապէս դեռատի մանուկները՝ առաջին եւ երկրորդ կարգի աշակերտները: Առաջնորդարանի շրջափակէն ներս, բոլոր աշակերտները ծաղիկներ դրին Նահատակաց յուշակոթողին առջեւ։ Առաջին եւ երկրորդ խումբին անունով խօսքեր արտասանեցին վարժարանի հայկական ակումբի ներկայացուցիչները, իսկ երրորդ խումբին անունով՝ ուսուցչուհի Արմենիկ Հայրապետեանը. անոնք նշեցին, որ Ապրիլը մեր Ս. նահատակները յիշելու ամիսն է ու հաւաստեցին, որ պահանջատէր պիտի մնան մեր Դատին ու իրաւունքներուն, հայ պիտի մնան եւ ընդմիշտ հայերէն պիտի խօսին։
Այնուհետեւ, աշակերտները դասարան առ դասարան հանդէս եկան հայրենասիրական երգերով ու ասմունքներով։
Ինչպէս առաջին խումբին, նոյնպէս եւ յաջորդող երկու խումբերուն իր պատգամը ուղղեց առաջնորդը՝ նկատել տալով, որ կը գտնուինք Ապրիլ 24ի նախօրեակին եւ հաւաքուած ենք ոգեկոչելու համար մեր սրբադասեալ նահատակներու յիշատակն ու վերանորոգելու մեր հաւատարմութեան ուխտը։ «Ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակները իրենց կեանքը զոհեցին յանուն ազգի, եկեղեցւոյ ու հայրենիքի», նշեց ան եւ յորդորեց հաւատարիմ մնալ Ս. նահատակաց կտակին, ապրիլ հայօրէն, սիրել հայրենիքը, հայոց լեզուն ու մշակոյթը եւ ըլլալ պահանջատէր ու արդարատենչ։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ այս տարի կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100ամեակին։ «Մենք պայքարը պիտի շարունակենք, մինչեւ որ տիրանանք մեր բոլոր հողերուն ու իրաւունքներուն», շեշտեց սրբազանը եւ օրհնեց աշակերտները, դաստիարակներն ու ծնողները, որոնք միասնաբար ու գործակցաբար՝ հայկականութեամբ կը տոգորեն նորահաս ու մատղաշ սերունդները:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի խմբերգումով ու «Պահպանիչ»ով։