ՄԱԿ.- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ ողջունած է Հայաստանի ընթացիկ իրադարձութիւններուն խաղաղ բնոյթը եւ խրախուսած բոլոր համապատասխան դերակատարները՝ ցուցաբերել զսպուածութիւն եւ առաջնահերթութիւն տալ երկխօսութեան:
Ան միաժամանակ կոչ ըրած է յարգելու օրէնքի գերակայութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները, ինչպէս նաեւ պահպանել Հայաստանի եւ տարածաշրջանի խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը։
Առիթն օգտագործելով՝ Կիւթերեշ կրկնած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն վերջին կոչը՝ ուղղուած բոլոր կողմերուն, կանխելու շփման գիծին վրայ լարուածութեան սրումը եւ ջանքերը կեդրոնացնելու Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին վրայ։