ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ծանօթ հրապարակագիր եւ դաստիարակ Գէորգ Պետիկեանի «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն Է» նորատիպ հատորին ողջունահանդէսը, Հինգշաբթի, 19 Ապրիլի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, առիթ մը եղաւ լուսարձակի տակ բերելու Հալէպի հայկական գաղութին պատմական դերը, վերջին տարիներու տագնապալի վիճակն ու մասնաւորաբար Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տեղն ու դերը սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ։ Արդարեւ, հատորը հեղինակին կողմէ երախտիքի պերճախօս արտայայտութիւն մըն է իր ծննդավայրին ու իր հայեցի աճումին հիմնաքար ծառայած Ճեմարանին, որուն նուիրուած է հատորը՝ ուսումանարանին 70ամեակին առիթով։

Ողջունահանդէսը սկսաւ ժամը 7ին, ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ազգային առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ, գործակցութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան եւ Լոս Անճելըսի Ճեմարանականներու ընկերակցութեան։ Ներկայ էին քահանայ հայրեր, Ազգային վարչութեան անդամներ, միութենական ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով գրասէր հայորդիներ։ Բացման խօսքը արտասանեց յանձնախումբին ատենապետը՝ Հրայր Ճերմակեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք, յիշեցուց, որ այս սրահը անցեալին հիւրընկալած է նոյն հեղինակին այլ գործերու ողջունահանդէսները եւս, ապա հրաւիրեց յանձնախումբի երիտասարդ անդամներէն Մուշեղ Պետեւեանը, որպէսզի վարէ յայտագիրը։

Պետեւեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Հալէպի հայկական գաղութի պատմականն ու հայութեան դերակատարութիւնը՝ այդ շրջանի մեր պատմութեան մէջ, անդրադարձաւ վերջին տարիներու տագնապալի վիճակին ու վերականգնումի ճիգերուն, նշելով, որ հատորը նուիրուած է Հալէպին։ Ան հրաւիրեց «Ասպարէզ»ի խմբագիր Աբօ Պօղիկեանը, արտասանելու իր սրտի խօսքը։
Պօղիկեան ողջունեց ներկաները եւ նկատեց, որ ներկաներուն մէջ հալէպցիները կը կազմեն մեծամասնութիւն, ու յայտնեց, թէ իր մեծ հօր հայրն ալ՝ քահանայ մը, անցեալին եղած է Հալէպի առաջնորդական տեղապահ։ Ան կանգ առաւ գրող ու մտաւորական Պետիկեանի երկու գլխաւոր յատկանիշներուն վրայ. մտաւորական կարգապահութիւնը եւ ազգային արժէքներու նկատմամբ հաւատարմութիւնը, որոնք գործնապէս արտայայտուած են մամուլին հետ իր գործակցութեան տասնամեակներուն ու արտայայտութիւն գտած՝ իր գրական վաստակին մէջ։ Ան նաեւ նկատեց, որ Հալէպը առանցքային տեղ գրաւած է Պետիկեանի գրականութեան մէջ, իսկ այս եօթներորդ հատորը բացառապէս նուիրուած է Հալէպին ու Ճեմարանին, հաւաքագրումն է Հալէպի մէջ կերտուած անհատական ու ազգային արժէքներու, տակաւին, Հալէպը կը հանդիսանայ հայութիւնը իր հողին ու արմատներուն կապող խորհրդանիշ մը։ Ան յատկապէս գնահատեց նման հանդիսութեան մը երիտասարդ հանդիսավար ունենալու իրականութիւնը։

Աշակերտուհի Լիլի Տապպաղեան ընթերցում մը կատարեց գիրքի մէկ գրութենէն։ ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի աշակերտներէն խումբ մը երգեց երկու երգեր, որոնց բառերուն հեղինակն է Գ. Պետիկեան, իսկ երաժշտութիւնը մշակած է Ալֆրէտ Մարտոյեան։ Դաշնակի վրայ ընկերացաւ Նոյեմի Լոխմանեան։ Այնուհետեւ, հանդիսավարը սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց հեղինակին կենսագրութեան գլխաւոր գիծերը, ապա բեմ հրաւիրեց վաստակաշատ դաստիարակ եւ մշակութային գործիչ Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեանը, որպէսզի ներկայացնէ հատորը։
Ղազարեան-Մելքոնեան գեղարուեստական շունչով խօսեցաւ հատորի բովանդակութեան ու հեղինակին կեանքին ու ներաշխարհին մէկ հայելին ըլլալու անոր արժանիքին մասին, կատարելով դիպուկ մէջբերումներ։ Ան նշեց, որ հատորը կարելի է ձեւով մը նկատել հեղինակին ինքնակենսագրականը, որովհետեւ ընթերցողը հոն պիտի տեսնէ մանկութեան ու պատանութեան օրերէն սկսեալ յուշեր, զինք շրջապատող միջավայրը՝ թաղ, դպրոց, ուսուցիչներ, ականաւոր ու պարզ անհատներ, որոնք աղերս ունեցած են հեղինակին հետ, ազդեցութիւն ունեցած անոր կազմաւորման վրայ, տակաւին, Հալէպէն երկար ատեն հեռու ապրող Պետիկեան իր ծննդավայրն ու զինք շրջապատած միջավայրը մինչեւ այսօր ալ սերտօրէն կը կրէ իր անձին եւ յուշերուն մէջ կ՛ապրի անոր տագնապները, սակայն միշտ կը մնայ յուսալից անոր վերականգնումին ու ապագային, անոր ազգային ու մշակութային դերակատարութեան նկատմամբ։ Հատորը նաեւ կարելի է նկատել թարգմանը հալէպահայութեան կեանքին ու իրագործումներուն, յոյսերուն։

Հեղինակին թոռնուհին՝ Վանա, խոր ապրումով երգեց «Սիրելի ուսուցիչ» երգը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Կարինէ Վարուժանեանի, իբրեւ նուէր՝ իր պապիկին, որ եղած է իր առաջին ուսուցիչը…
Սրտի խօսք արտասանեց հեղինակը։ Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին ու ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, ապա նաեւ հատորին պատրաստութեան ու հրատարակութեան աջակցողներուն. շնորհակալութիւն՝ հատորը ներկայացնող դաստիարակին, յայտագիրին մասնակից աշակերտներուն, հիւրընկալին եւ բոլոր բարեկամներուն, ընտանիքի հարազատներուն ու ներկաներուն։ Ան անդրադարձաւ հայ գիրին ու դպրոցին իր մատուցած կէսդարեան ծառայութիւններուն, շեշտելով, որ մայրենիին հետ իր մտերմութիւնը եղած է մղիչ ուժ ու սեւեռակէտ։ Ան նկատեց, որ գիրքի հանդէպ մեր ընթերցասէր հասարակութեան մէկ արտայայտիչն է այս երեկոյթը, ապա նաեւ վկայեց, որ Հալէպը իրեն համար սոսկական յուշ չէ, այլ ապրում, իսկ գիրքը կը ներկայացնէ իր էութիւնը, նաեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն մը բոլոր այն անհատներուն, 70ամեայ Ճեմարանին ու միջավայրին հանդէպ, որոնք նպաստած են իր կազմաւորման։

Ողջունահանդէսի փակման խօսքը արտասանեց սրբազանը։ Ան յայտնեց, որ այս երեկոն ու ամբողջ օրը անմոռանալի պիտի մնան, որովհետեւ այս ողջունահանդէսէն առաջ, Ազգային առաջնորդարանը առաւօտուն ու կէսօրին ընդունեց այցելութիւնը Ազգային Թիւֆէնքեան մանկամսուրի ու Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի 11րդ դասարանի աշակերտներուն, որոնք եկած էին հաւատքի ու ազգային արժէքներուն հաւատարմութեան ուխտը վերանորոգելու ապրիլեան այս օրերուն, իսկ վերջինները ամիս մը ետք Հայաստան պիտի մեկնին Հանրապետութեան 100ամեակի տօնակատարութեան մասնակից ըլլալու համար։ Այս ձեռնարկը Հալէպին ու հեղինակին կողմէ ուղղուած հրաւէրի մը ընդառաջում մըն է, որ մարմնաւորուեցաւ գնահատելի ու գեղեցիկ յայտագիրով մը։ Սրբազանը ձայնակցեցաւ Պօղիկեանի այն մատնանշումին, որ Պետիկեան մտաւորականի կարգապահութեան հաւատարիմ մշակ մըն է, «որովհետեւ առանց կարգապահութեան՝ կարգ ու կանոն կը կորսուին»։ Ան գնահատանք արձանագրեց Ղազարեան-Մելքոնեանի ներկայացման համար, եւ կանգ առաւ հատորին այն արժանիքին վրայ, որ անիկա երախտիքի արտայայտութիւն մըն է Հալէպին ու անոր ազգային հաստատութեանց ու ստորոգելիներուն նկատմամբ, յիշատակեց, որ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսը եղած է

Ճեմարանի հիմադիրներէն, ապա նաեւ նկատեց, որ այս երեկոն բոլորին ուղղուած հրաւէր է լաւատեսութեան ու Հալէպի վերականգնումին կապուած յոյսերուն հզօրացման իմաստով, եւ հատորէն մէջբերում մը կատարելով՝ արձագանգ եղաւ հեղինակի այն համոզումին, որ Հալէպի տագնապը վերջ պիտի գտնէ ու գաղութը պիտի վերականգնի։ Ան յայտնեց, որ այս օրերուն, Հալէպի թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան վեհափառ հայրապետին ներկայացուցած է Հալէպի վերաշինութեան ամբողջական ծրագիրը, ապացուցելով, որ Հալէպը կը կանգնի յարութեան սեմին։ Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ այս գիրքը նոր խթան մը ըլլայ մեր ազգային ու հոգեւոր հարստութեանց պահպանման եւ ուռճացման, եւ օրհնեց վաստակը հեղինակին։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազանին «Պահպանիչ»ով եւ Զարեհ վեհափառի շատ սիրած «Կիլիկիա»ին երգեցողութեամբ։
Այնուհետեւ, ներկաները վայելեցին կոկիկ հիւրասիրութիւն մը՝ կազմակերպուած Լոս Անճելըսի Ճեմարանականներու ընկերակցութեան կողմէ, իսկ հեղինակը մակագրեց հատորէն օրինակներ։
