ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, Չորեքշաբթի, 2 Մայիսին տեղի ունեցաւ «Իմ քայլը» նախաձեռնութեան հանրահաւաքը:
Արտերկրէն Հայաստան ժամանած երգահան Արմէն Մովսիսեան, ելոյթ ունենալով՝ նշեց, որ այսօր կը տեսնէ Հայաստան մը, որուն քաղաքացին կ՛ուզէ տէր կանգնիլ իր ու իր երեխաներու ապագային: Ըստ երգիչին՝ հայերը այսօր ամբողջ աշխարհին օրինակ տուին, թէ ինչպէս կարելի է պարզած ձեռքերով յեղափոխութիւն կատարել, եւ ամբողջ աշխարհը զարմացաւ փոքրիկ այս երկրի օրինակէն:
Ճիւտոյի ախոյեան Ֆերտինանտ Կարապետեան, դիմելով հանրահաւաքի մասնակիցներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնեց միասնական ըլլալնուն համար: Ան Եւրոպայի առաջնութեան իր վաստակած ոսկէ մետալը յանձնեց «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանին՝ նշելով. «Սա մեր ընդհանուր յաղթանակն է»:
Փաշինեան արձագանգեց, որ թէպէտ այդ մետալը կրելը երջանկութիւն է, սակայն չի կրնար զայն ընդունիլ, որովհետեւ ախոյեանին մետալը պէտք է ախոյեանին կուրծքին վրայ ըլլայ:
Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ քաղաքական գործիչներուն հաւատալ-չհաւատալու մասին:
«ՀՀ ժողովուրդը նոյնիսկ կարիք չունի ոեւէ քաղաքական գործչի հաւատալու կամ չհաւատալու, որովհետեւ ամենակարեւորն այն է, որ իւրաքանչիւրը հաւատայ ինքն իրեն, իր ուժին, իր հզօրութեանը: Եւ այդ պարագայում է, որ դուք կը յաղթէք», ըսաւ ան:
Փաշինեան յայտնեց, որ Հինգշաբթի, 3 Մայիսին պատգամաւորներու մէկ երրորդին կողմէ պաշտօնապէս պիտի առաջադրուի իբրեւ Հայաստանի վարչապետի թեկնածու:
«Եթէ հաշուի առնենք այսօրուայ քաղաքական յայտարարութիւնները, վարչապետի ընտրութիւնների 2րդ փուլում ձեր կողմից առաջադրուած թեկնածուի ընտրութեան խնդիրը գործնականում լուծուած է», յայտարարեց Փաշինեան:
Փաշինեան Հինգշաբթի օրուան համար առաջարկեց հետեւեալը. «Ո՛չ Երեւանում, ո՛չ մարզերում, ո՛չ մի ակցիա չենք իրականացնում», իսկ ինք՝ Փաշինեան եւ իր գործակիցները Ազգային ժողովին մէջ պիտի աշխատին եւ փորձեն հաւաստիանալ, որ ՀՀԿ յայտարարութիւնը իրականութիւն կը դառնայ:
«Երեխաներ, առաւօտեան գնում էք դասի, բաց թողած դասերը լրացնում էք: Զուտ տեսականօրէն կարող են իրադարձութիւնները զարգանալ այնպէս, որ վաղը ցանկացած ժամի անհրաժեշտ լինի հաւաքուել: Հետեւէ՛ք իմ ֆէյսբուքեան էջին: Եթէ ամէն ինչ գնում է նորմալ, մենք հանգստանում ենք եւ պատրաստւում ենք վարչապետի ընտրութիւններին», նշեց Փաշինեան: