ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ Քատըգիւղ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին վրայ յարձակում կատարած եւ աւելի ուշ ձերբակալուած քաղաքացին՝ Սերտար Ք., պայմանականօրէն ազատ արձակուեցաւ Մայիս 2ին:
Միջանկեալ նշենք, որ Պոլսոյ իրաւապահ մարմինները հետաքննութիւն սկսած էին Ապրիլ 30ին Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մուտքը աղբի կոյտով փակած եւ պատին վրայ ազգայնամոլ արտայայտութիւն գրած անձը կամ անձերը բացայայտելու համար: Յարձակումի պատասխանատուին ինքնութիւնը պարզուեցաւ տարածքը տեսահսկող գործիքներու ուսումնասիրութեան միջոցով:
Յարձակողը դատախազութեան մօտ խոստովանած է իր արարքը՝ հետեւեալը ըսելով.
«Մի քանի օր առաջ Սուրբ Թագաւոր հայկական եկեղեցիին առջեւ կախած էի Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի պաստառը ու անոր կողքին դրած էի ծաղիկներ: Յաջորդ օրը, երբ տեսայ, որ պաստառը հեռացուած է, շատ ջղայնացայ: Ապրիլ 30ին, չեմ յիշեր ժամը քանիին, եկեղեցւոյ պատին այդ գրութիւնը գրեց»: Ան նաեւ խոստովանած է, որ ինքն է որ աղբ լեցուցած է եկեղեցւոյ դրան դիմաց:
Թէեւ գործին առնչութեամբ հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է, այնուամենայնիւ դատախազութիւնը որոշած է ազատ է արձակել վերոնշեալ անձը, այն պայմանով, որ ան շաբաթը երկու անգամ ներկայանայ ոստիկանական բաժանմունք: