ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Միջազգային ճգնաժամային խումբի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժանմունքի վարիչ Մակտալենա Կրոնօ անդրադարաձած է Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն՝ զանոնք «գլխապտոյտ պատճառող փոփոխութիւններ» որակելով։
Յոյս յայտնելէ ետք, որ Մայիս 8ին կարելի կ՛ըլլայ կացութիւնը կայունացնող համաձայնութիւն մը գոյացնել խորհրդարանին մէջ, ան ազդարարած է, որ եկրկին անկայուն վիճակը կրնայ Արցախի տագնապին գծով լարուածութիւնը սրել։
Կրոնօ յիշեցուցած է, որ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջացող վիճելի պահերը եւ կողմերու զինման գործընթացը յանգեցուցած էին 2016ի զինուած բախումներուն, որոնք մեծաթիւ զոհեր խլած էին, ապա ընդգծած է հետեւեալ վտանգները.
«Նախ, Ատրպէյճանին ռազմական ներխուժումի մը հաւանականութենէն մտահոգ Լեռնային Ղարաբաղի հրամանատարները կրնան նախայարձակ ըլլալ՝ յուսալով վերադարձնել 2016ի Ապրիլին բռնագրաւուած տարածքները: Երկրորդ՝ օգտուելով Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաոսային իրավիճակէն՝ Ատրպէյճան կրնայ յարձակումի դիմել հակամարտութեան գօտիին վրայ»: