ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոմիութեան ընդարձակման հարցերու յանձնակատար Եոհաննէս Հան ցաւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ արտայայտուելու ազատութեան վիճակը օր ըստ օրէ աւելի կը վատանայ՝ յիշեցնելով Անգարային, թէ «Եւրոմիութեան համար՝ առանց խօսքի ազատութեան ոչի՛նչ կարելի է։ Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութիւնը կը շարունակէ յետընթաց ապրիլ։ Խօսքի ազատութիւնը անփոխարինելի արժէք պէտք է ըլլայ այնպիսի երկիրի մը համար, որ կը պատրաստուի Եւրոմիութեան անդամակցութեան»։
Հան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ դրութեան կարգավիճակին կապակցութեամբ, որ շարունակաբար կ՛երկարաձգուի՝ շեշտելով, որ արտակարգ կարգավիճակի տակ կարելի չէ արդար ընտրութիւններ կատարել։
Իր կարգին, բրիտանական «Թայմզ» թերթը յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ կայանալիք խորհրդարանական եւ նախագահական կանխահաս ընտրութիւնները կարելի չէ ազատ եւ արդար պայմաններու մէջ կատարել: «Էրտողան, որ արդէն իսկ աւելի քան 15 տարի երկիրը կը կառավարէ, անկասկած ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ պիտի յաղթէ: Որեւէ ընդդիմութեան նկատմամբ անհանդուրժող Էրտողան արդէն իսկ բաւարար քայլերու դիմած է, որպէսզի աւելիո՛վ ամրապնդէ իր դիրքը», գրած է թերթը: