ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի հովանիին տակ գործող Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Եուքիա Ամանօ յայտարարեց, թէ Թեհրան կը կատարէ Վեցեակին հետ իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ կնքուած համաձայնագիրի ծիրէն ներս իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:
«Ծրագիրը մեծ իրագործում մըն է եւ կ՛արտօնէ վերահսկել Իրանի հիւլէական ներուժը», ըսած է Ամանօ՝ անուղղակիօրէն քննադատելով ամերիկան այն պնդումները, թէ ծրագիրը անարժէ՛ք է: