ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».- Մայիս 11ին Թեհրանի եւ Իրանի շարք մը այլ քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան, դատապարտելու համար Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնագիրէն դուրս գալու եւ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ սահմանելու մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարած որոշումները։
Նշենք, որ Սպիտակ տունը հաղորդեց, թէ յառաջիկայ շաբաթ պիտի յայտարարուի Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներուն մանրամասնութիւնները:
Միւս կողմէ, Գերմանիոյ կառավարութիւնը խոստացաւ օժանդակել գերմանական այն ընկերութեանց, որոնք ամերիկեան հաւանական պատժամիջոցներուն իբրեւ հետեւանք կրնան վնասներ կրել, մինչ Ֆրանսա ազդարարեց, որ կրնայ հակադարձել, եթէ Իրանի հետ գործակցող ֆրանսական ընկերութեանց դէմ պատիժներ սահմանուին։
Նաեւ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ Մայիս 12ին սկսող շրջապտոյտի մը ընթացքին Պէյժինկ, Մոսկուա եւ Պրիւքսէլ պիտի այցելէ, համաձայնագիրին մնացեալ 5 կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկելու համար զայն փրկելու կարելիութիւնները։