ԹՈՐՈՆԹՕ.- Շաբաթ, 4 Մայիսին տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայոց Ազգային առաջնորդարանի «Spirit of Armenia» գնահատագիրի տուչութիւնը, որուն արժանացաւ Թորոնթոյի շրջանէն հայութեան տարիներու բարեկամ հանգուցեալ Արնոլտ Չանը:
Հանգուցեալ Արնոլտ Չանը ներկայացուցին Թորոնթոյի շրջանէն եւ Հայ Դատի Շրջանային մարմնի անդամ Մարիամ Դաւիդեան եւ Ազգային վարչութեան անդամ Յակոբ Տէր Յակոբեան:
Իրենց խօսքին մէջ անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին հանգուցեալի այրիին՝ Ճին Եիփին: Հանգուցեալ Արնոլտ Չան հայ գաղութին համար ցուցաբերած է շարունակական զօրակցութիւն եւ ատենապետն էր Գանատա-Հայաստան բարեկամութեան խմբակցութեան:
Տիկին Ճին Եիփ իր սրտի խօսքին մէջ արտայայտեց իր երախտագիտութիւնը այս գնահատագիրին համար:
«Spirit of Armenia» շքանշանը կը շնորհուի ոչ-հայ անհատներու, որոնք կը ցուցաբերեն յատուկ բարեկամութիւն եւ ծառայութիւն՝ հայութեան եւ հայութիւնը շահագրգռող հարցերու առընչութեամբ: