ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատան մէջ կայացող «Շնչող գրքի ակումբ»ի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մայիս 19ին, կ.ե. ժամը 4ին, իսկ անոր ընթացքին պիտի քննուի Խաչիկ Խաչերի «Իմ Ճակատագրի Ծովը» հատորը։
Քննարկումին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ հեղինակը։
Գրող, թարգմանիչ, բանաստեղծ, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ եւ ճարտարագէտ Խաչիկ Խաչերը ծնած է Թեհրան, 1946ին, հայկական աւանդական եւ քաղաքական աշխոյժ գործունէութեամբ յայտնի ընտանիքի մը մէջ: Գիրքն ու գրականութիւնը, օրաթերթերն ու քաղաքական դէպքերը քննարկուող ամէնօրեայ հարցեր եղած են տան մէջ, ուր գիրքերը կը կարդացուէին նախ հայրիկի եւ մայրիկի կողմէ, ապա կարգը կը հասնէր անդրանիկ զաւակին՝ Խեչոյին, որ կը մասնակցէր գիրքերու քննարկումներուն եւ ընդհանրապէս գրականութեան շուրջ ծնողներու հետ բանավէճերուն:
Հայոց ազգային «Արաքս» տարրական դպրոցի առաջին շրջանաւարտներէն է Խաչիկ Խաչերը (1957-1958): Այնուհետեւ, ան յաճախած է Հայոց ազգային Քուշեշ-Դաւթեան միջնակարգ դպրոցը, ուրկէ 1964ին շրջանաւարտ եղած է: Երկու տարի ուսուցչութիւն կատարած է Հայոց Ազգային Հախնազարեան դպրոցին մէջ, իսկ 1966ին մեկնած է Գերմանիա, համալսարանական ուսման համար։ Ան տիրացած է մագիստրոսի երկու աստիճաններու՝ ելեկտրագիտութեան եւ վարչութեան մասնագիտութեանց մէջ: Գրելու սկսած է պատանի տարիքէն, երկու լեզուով՝ հայերէն եւ պարսկերէն: Անոր գործերը տպագրուած են տեղական մամուլին մէջ, իսկ անոր պարսկերէն առաջին պատմուածքը լոյս տեսած է 1960ին, Իրանի մէջ լայն տարածում ունեցող «Էթելաաթէ Քուդաքան» շաբաթաթերթի էջերէն եւ արժանացած է մրցանակի:
Պարսիկ հանրայայտ գրող, գրականագէտ եւ հրապարակախօս Ամիր Հասան Չեհելթան, Խաչերի պարսկերէնով հրատարակած՝ «Արշակ Վեցերորդ» պատմուածքներու ժողովածուի (2005) նախաբանին մէջ գրած է. «Խաչիկ Խաչեր բազմամշակոյթ տուեալներով օժտուած մտաւորական է եւ գրող»:
Խաչեր կը գրէ եւ կը թարգմանէ հայերէնով, պարսկերէնով, գերմաներէնով եւ անգլերէնով:
Հայաստանի մէջ հրատարակած է տասնեակէ մը աւելի գիրքեր (հեղինակային եւ թարգմանական) եւ երկու անգամ արժանացած է ոսկէ մետալի:
«Շնչող գրքի ակումբ»ները գրական խմբաւորումներ են, որոնք անգլերէն եւ հայերէն գրուած հայկական պատումներու եւ գիրքերու գնահատանքը կը խթանեն: Անոնք կը ձգտին գրակայն համայնք մը մէջտեղ բերել՝ շրջող հեղինակներու հետ յատուկ ատեաններ ծրագրելով եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներ, ինչպէս՝ ֆիլմ, ընդգրկելով ընդհանուր քննարկումներուն ատեն:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։