ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
Շաբաթ, 5 Մայիս 2018ն է. ներկայ եղանք Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբի
տարեկան համերգին: Անիկա ձօնուած էր, ի հարկէ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100ամեակին եւ անոր կերտողներուն, բայց միաժամանակ անիկա նուիրուած էր նոյն ինքն Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրման 90ամեակին, որուն հիմնադիրներն եղած են Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ ու Համօ Օհանջանեան:
Այդօր Փասատինայի մէջ Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգեցիկ խումբը կը ղեկավարէր ծանօթ խմբավար Միքայէլ Աւետիսեան, բայց երգչախումբը պատրաստած եւ մարզած է տիկին Գայանէ Պաղտասարեան՝ Երեւանէն: Երգչախումբը մինակը չէր այս հանդիսութեան ընթացքին. անոր կ՛ընկերակցէին Արեւմտեան ոճի դասական նուագախումբը, ինչպէս նաեւ արդէն որոշ հռչակի տէր Ս. Դարբինեան-Ե. Հաշոլեաններու մարզած «Անի» պարախումբը:
Փասատինայի Նազովրեցի Ա. եկեղեցւոյ հսկայ ժողովասրահը գրեթէ ամբողջութեամբ լի էր հայ խանդավառ հասարակութեամբ (թերեւս ոչ-հայախօսներ ալ ըլլային, որովհետեւ ճոխ յայտագիրը երկլեզու էր):
Երգացանկը բաղկացած էր ազգային-հայրենասիրական մեծ մասամբ ծանօթ քսան կտորներէ, որոնց իր շքեղ մասնակցութիւնը կը բերէր «Անի» պարախումբը (մասնակի կամ ամբող-ջական անձնակազմով): Հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերու կողքին, միշտ նուագախումբին ընկերակցութեամբ, լսեցինք Ռ. Ալթունեանի մշակումով, երեք կտոր Սայաթ Նովայէն, նաեւ՝ Տ. Չուխաճեանի «Լէպլէպիճի Հօրհօր Աղա» օփերայի Հօրհօր աղայի մեներգը, մենակատար՝ Հրաչ Գէորգ Թաշճեան: Թէեւ այսպիսի ժողովրդակորիզ հանդիսութեանց պարագային պէտք չէ անպայման փնտռել գեղարուեստական բարձր մակարդակ, սակայն ուրախ զարմանքով նկատեցինք, որ մենակատարները վա՛րժ, ինքնավստահ երգիչներ էին (Ծովինար Տօնէրեան, Հրաչ Գէորգ Թաշճեան, Մանուէլ Մենէշեան, Կարօ Քամարեան, Անահիտ Պետրոսեան, Յովիկ Մենէշեան, Վիգէն Հարպոյեան, Վագօ Չոլաքեան), իսկ երգչախումբի անդամները չունէին իրենց ձեռքերուն մէջ նոթատետր կամ յուշատետր. անոնք ամէն ինչ անգիր սորված էին եւ համով-հոտով երգեցին իրենց ղեկավարի խանդավառ ճպոտին ներքեւ: Երգուսոյց տիկին Պաղտասարեան մաս կը կազմէր հանդիսատեսներուն:
Հայրենասիրական երգերու փունջ մը ներկայացուց այս առիթով յատուկ հրաւիրուած հան-րածանօթ երգիչ Գառնիկ Սարգիսեան. ան պանծացուց ֆէտայական մեր սիրտին շատ մօտիկ քանի մը երգեր, արժանանալով որոտընդոստ ծափերու: Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Սարտարապատ» եւ «Երեւան-Էրեբունի» քաջածանօթ, մեզ զինուորագրութեան մղող երգերով՝ «Անի» պարախումբի մերթ եթերային մերթ մարտաշունչ մասնակցութեամբ:
Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ տոգորուած՝ ձգեցին սրահը. անմիջապէս որ վերագտան իրենց անհատական ազատութիւնը բաց երկինքի տակ, ծխող դասակարգը անարգաբար ապականեց եկեղեցւոյ մաքրամաքուր դաշտագետինը իրենց տուները մեկնելէ առաջ՝ մոռնալով Երեւանի փողոցներու վրայ զիրենք ուղղորդող քաջարի Նիկոլին յորդորը՝ «մի աղտոտէք Երեւանը», իր խօսքը ուղղելով զինք շրջապատող ծխողներու ամբոխին: