ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հինգշաբթի, 10 Մայիսի առաւօտեան, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան՝ նախագահ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ազունիէի Ազգային բուժարան: Ընկերակցութեամբ Հայ աւետարանակն այլ հովիւներու, վեր. Գարակէօզեան դիմաւորուեցաւ ծաղկեփունջով մը՝ բուժարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան կողմէն:
Նախագահին այցելութիւնը նաեւ առիթ տուաւ, որ ՄԱՀԱԵ միութիւնը նուիրէ 45 մեծատառ Աստուածաշունչ մատեաններ՝ ամէն մէկ սենեակին համար: Տնօրէն Տիգրան Պոյաճեան եւ խնամակալութեան ատենապետուհի Թալին Գլպաշեան մեծ գոհունակութեամբ ընդունեցին այս նուէրը։
Վեր. Գարակէօզեան այցելեց տարեցները իրենց սենեակներուն մէջ, զանոնք քաջալերեց, եւ նաեւ լսեց անոնց երգերը, արտասանութիւնները եւ շնորհակալական խօսքերը: Ապա խումբը ուղղուեցաւ դէպի մատուռ, ուր վեր. Գարակէօզեան աղօթք մատուցեց։
Հայ Աւետարանական ներկայացուցիչները հիւրասիրուեցան եւ ունեցան սիրալիր եւ զրոյցներ բուժարանի բարեզարդման, ապագայի ծրագիրերուն, ինչպէս նաեւ հայ գաղութին նեցուկին մասին: