ԼԱ ՔԱՆԻԱՏԱ.- Յունիս 1-16ի միջեւ, «Սթեֆընիզ» արուեստի ցու-ցադրասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռոպերթ Էլիբէկեանի իւղաներկ ստեղծագործութեանց նուիրուած ցուցահանդէս մը։
«Խորհրդաւոր Թատրոն» ընդհանուր խորագիրին տակ կայանալիք ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Յունիս 1ին, երեկոյեան ժամը 5։30ին։
«Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 466 Foothill Blvd., La Canada Flintridge, CA 91011։ Անիկա բաց է Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6, Շաբաթ օրերը՝ առաւօտեան ժամը 10։30 մինչեւ երեկոյեան ժամը 5, իսկ Կիրակի օրերը՝ ժամադրութեամբ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 790-4905 թիւին եւ info@stephaniesgallery.com հասցէին, կամ այցելել
www.stephaniesgallery.com կայքը։