ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-Ամերիկեան թանգարանի վարչութիւնը, քաջալերուած թանգարանը կառուցելու ծրագիրին առաջին հանգրուանին ընթացք տալու Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի միաձայնութեամբ վաւերացուած Ապրիլ 17ի որոշումէն՝ նախաձեռնած է համայնքային երեք ձեռնարկներու։
Հայ-Ամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի 10 հայկական մշակութային, կրօնական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ։
Կլենտէյլի քաղաքապետութիւնը միաժամանակ յանձնարարած էր քաղաքապետարանի անձնակազմին, որ վերջնականացնէ Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանին տարածքը յառաջիկայ 95 տարիներուն՝ տարեկան 1 տոլարով վարձու տալու համաձայնագիրը:
«Ուրախ ենք յայտարարելով համայնքային այս ձեռնարկներուն մասին, որոնք առիթ պիտի ընծայեն համայնքի անդամներուն, որ գործնականապէս նեցուկ կանգնին այս պատմական ծրագիրին իրականացման», կը յայտնէ թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան:
Ձեռնարկներէն առաջինը պիտի կայանայ Օգոստոս 5ին, Կլենտէյլի Կեդրոնական զբօսայգիին մէջ փառատօնի մը ձեւով, նպատակ ունենալով թանգարանի ծրագիրին մանրամասնութիւնները ներկայացնել համայնքի անդամներուն։
Երկրորդ ձեռնարկը Սեպտեմբեր 9ին նախատեսուած պատկերասփիւռային դրամահաւաքն է, իսկ Դեկտեմբեր 9ին, Լոս Անճելըսի շքեղ «Տոլպի» սրահին մէջ պիտի կազմակերպուի ճաշկերոյթ մը՝ ի մի բերելով նուիրատուներ, համակիրներ, պետական պաշտօնատարներ եւ համայնքային ղեկավարներ։
Թանգարանը մշակութային եւ կրթական իւրայատուկ կեդրոն մը պիտի ըլլայ քաղաքին մէջ, երեք յարկերու վրայ եւ 59,800 քառակուսի ոտք տարածքի մը մէջ, հրամցնելով ցուցահանդէսներ եւ այլ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ ամերիկահայութեան պատմութեան նուիրուած մնայուն բաժին մը, ինչպէս նաեւ պիտի կազմակերպէ ցեղային եւ մշակութային տարբեր խմբաւորումներու համակեցութեան կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առնող ցուցահանդէսներ ու ներկայացումներ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել